50 Տարի Առաջ (9 Յունուար 1964)
Պապին Ճառը Եղիշէ Պատրիարքի Ընդունելութեան Առթիւ
«Ծանօթ Ենք Ձեր Անձնական Դերին`
Ս. Յարութեան Տաճարի Նորոգութեան Գործին Մէջ,
Ու Երախտապարտ», Կ՛ըսէ Պապը
Պապը շաբաթ իրիկուն արտասանեց հետեւեալ ճառը` Երուսաղէմի հայ պատրիարք Եղիշէ արքեպիսկոպոսի ընդունելութեան ընթացքին:
«Նորին Ամենապատուութիւն,
«Սուրբ Երկիր մեր ուխտագնացութեան առթիւ, երջանիկ ենք հանդիպում ունենալով Ձերդ Ամենապատուութեան հետ, եւ կը գիտակցինք այն խոր նշանակութեան, որ կը ստանայ այս հանդիպումը Երուսաղէմի մէջ:
«Այսօր կ՛ուզենք շնորհակալութիւն յայտնել ձեզի այն ընդունելութեան համար, որ վերապահուեցաւ մեզի ձեր միաբանութեան եւ հաւատացեալներուն կողմէ: Շատ զգացուեցանք այն գորովանքին ու յարգանքին համար, որուն առարկայ դարձանք: Նոյնպէս ուրախութեամբ իմացանք, որ անկեղծ գործակցութեան մթնոլորտ մը կը տիրէ հիմա ձեր համայնքին, կաթողիկէ համայնքին եւ հայ համայնքին միջեւ` Ս. Յարութեան տաճարի նորոգութեան համար: Այս սրբավայրը քրիստոնեայ սրտերու համար աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող ամէնէն թանկագին բանն է:
«Արդարեւ, ատիկա ճիշդ այն վայրն է, ուր «Աստուած ուզեց բոլոր էակներուն հետ հաշտուիլ Քրիստոսի միջոցաւ` խաղաղութիւն կնքելով անոր խաչին արիւնով», ուր փառաւոր յարուցեալ Քրիստոսը դարձաւ մեր կեանքին սկզբունքը, մեր յարութեան գրաւականը, միակ պետը, որուն մէջ ամէն բան պէտք է միաձուլուի: Բարձրօրէն խորհրդանշական է, որ հակառակ պատմութեան ծանրութեան եւ բազմաթիւ դժուարութիւններուն, քրիստոնեաները, դժբախտաբար բաժնուած, միասին կ՛աշխատին նորոգելու այս տաճարը, որ կերտած էին միութեան մէջ, եւ որ կ՛աւերուէր իրենց բաժանումով:
«Մեր ամէնէն ջերմ մաղթանքն է, որ ողորմութիւնը տիրէ մեր միջեւ, իսկական ողորմութիւն մը, անպաճոյճ»:
«Գիտենք, թէ ի՛նչ է անձնական դերը Ձերդ Ամենապատուութեան, մթնոլորտի այս փոփոխութեան մէջ. ծանօթ ենք այն ճիգերուն, որոնք երկուստեք կը թափուին` վիճելի կէտերը անհետացնելու համար, ատոր համար խորապէս ուրախ ենք, եւ կ՛արտայայտենք մեր ամբողջ երախտագիտութիւնը: Թող խաղաղութեան Աստուածը իր շնորհը առատօրէն տեղացնէ Ձերդ Ամենապատուութեան, ձեր միաբանութեան եւ Սուրբ Քաղաքի բոլոր զաւակներուն վրայ»:
Նոր Սիսի Միսաք Ազիրեան Ակումբի
Շինութիւնը
Ազգային բարերար Միսաք Ազիրեանի նախաձեռնութեամբ, ժամանակին իր կողմէ նուիրուած ընդարձակ հողամասին վրայ ձեռնարկուեցաւ կառուցումը շրջանի վարկին համապատասխան ակումբի մը, որ պիտի կոչուի ՄԻՍԱՔ ԱԶԻՐԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ՏՈՒՆ:
Նախապէս իր կողմէ կառուցուած առաջին յարկը (գետնայարկ) պիտի տրամադրուի եօթը խանութներու եւ երկու ընդարձակ մառաններու, որոնց հասոյթը պիտի բաւարարէ շրջանի զանազան կարիքներուն: Խանութներուն վրայ պիտի շինուին ութ սենեակներ եւ սրահ մը, օգտագործուելու համար շրջանի Օգնութեան խաչերուն, ՀՄԸՄ-ին, պատանիներուն, կազմակերպութեանց եւ ամբողջ ժողովուրդին կողմէ:
Ութ խանութներու շինութեան ամբողջական ծախքը հոգալէ դուրս, ազնուասիրտ բարերարը 1500 ոսկի եւս տրամադրեց ակումբի շինութեան ծախքերուն, այդպէսով հնարաւորութիւն տալով Շինութեան յանձնախումբին գործի ձեռնարկելու:
Դեկտեմբեր 15-ին, աւելի քան հարիւր երկսեռ հրաւիրեալներու ներկայութեան այս գեղեցիկ լուրը հաղորդուեցաւ շրջանի հայութեան` ստեղծելով աննախընթաց ոգեւորութիւն ու խանդավառութիւն: Նոյն օրը, հրաւիրեալները իրենք եւս նուիրաբերեցին մօտաւորապէս տասը հազար լիբ. ոսկի, յատկացուելու համար սրահի եւ սենեակներու բարեզարդումին: Ժողովրդային նուիրատուութիւնը շարունակուեցաւ անկէ վերջ, ցարդ հանգանակուած գումարը հասցնելով 14,000 լիբ. ոսկիի:
Շինութեան աշխատանքները յառաջ կը տարուին փութով, եւ վստահ ենք, որ քանի մը ամիսներու ընթացքին կ՛աւարտին:

