Կարդալը Կ՛ընդարձակէ Մտահորիզոնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

article-0-04577A950000044D-358_468x319Ցաւօք մեր օրերուն շատեր կը մտածեն, թէ գիրքը դիւրաւ փոխարինելի է պատկերասփիւռով կամ համացանցով: Այսպէս մտածողները կը մոռնան, որ պատկերասփիւռն ու համակարգիչը երբեք չեն փոխանցեր այն զգացումն ու տպաւորութիւնը, զորս կու տայ գիրքը: Շատ շատեր գիրքը իրենց ձեռքերուն մէջ բռնելով ու կարդալով կը տեղափոխուին բոլորովին տարբեր աշխարհ եւ կ՛անջատուին իրենց առօրեայ հոգերէն:

Ինչպիսի՞ Գիրքեր Կարդալ

Թելադրելի է կարդալ գիտական գրականութիւն: Այդպիսի գիրքերը առիթ կու տան հասկնալու մեզ շրջապատող աշխարհը:

Ցանկալի է նաեւ երբեմն փիլիսոփայութիւն կարդալ. փիլիսոփայութիւնը կը զարգացնէ մտածողութիւնը:

Տնային գրադարանին մէջ պէտք է ըլլան նաեւ գեղարուեստական բարձրորակ գրականութիւն, պատմութիւն եւ բանաստեղծութիւն: Գեղարուեստական գրականութիւնը կը բարելաւէ շարադասութիւնը, խօսքի ճշգրտութիւնը: Պատմութիւնը կ՛օգնէ հասկնալու կեանքը, բոլոր իրողութիւնները, ճիշդ ընկալելու իրականութիւնը: Վերջապէս բանաստեղծութիւնը կը մշակէ ճարտասանութիւնը եւ կը յղկէ լեզուային հմտութիւնները:

Ինչո՞ւ Կարդալ

Կարդալով կ՛ընդարձակենք մեր մտահորիզոնը, կը բարձրացնենք մեր մտաւորական ունակութիւնները, կը ստիպուինք մտածել եւ վերլուծել ամէն քայլ եւ խօսք:

Կարդալով կը սորվինք կապ հաստատել այլ իրականութիւններու հետ եւ հետաքրքրական ձեւով լեցնել մեր ազատ ժամանակը:

Կարդալը կը հանգստացնէ մեզ եւ կ՛օգնէ մեր կեդրոնացումին:

Շատ ճիշդ է այն խօսքը, թէ` «գիրքերը ունին իւրայատուկ հմայք, անոնք իւրայատուկ հաճոյք կը պատճառեն: Լաւ գիրքը կրնայ աջակցիլ, տալ լաւ խորհուրդ, դառնալ իրական ընկեր»:

 

Հետաքրքրական Գրադարաններ

Եթէ տունը գրադարան չունիք, տակաւին ուշ չէ. սկսէք «համեստ» տեսակներով` զանոնք օրին մէկը ճոխացնելու վճռականութեամբ:

Ստորեւ քանի մը հետաքրքրական նմուշ` ձեզի եւ ձեր զաւակներուն համար:

creative-bookshelves-2_360x297

 

 

 

 

 

 

 

 

2d341615-5d4c-4df6-

 

 

 

 

 

 

 

 

 

13e444d3-3646-4c32-a689-64dc0f9de726

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

70a71ad8-e297

 

 

 

 

 

 

 

 

 

creative-bookshelves-6-1

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Դիւրին Հնարքներ`
Տրամադրութիւնը Բարձրացնելու Համար

Հոգեպէս ընկճուած եւ անտրամադիր կը զգաք. ահաւասիկ պարզ միջոցներ` ձեր տրամադրութիւնը բարձրացնելու համար:

1

ՔՆԱՑԷ՛Ք: Բոլորին համար ալ շատ կարեւոր է քունը, բայց յատկապէս հոգեպէս ընկճուածներուն համար: Հետեւաբար լոգանք մը առէք, հետաքրքրական գիրք մը կարդացէք եւ փորձեցէք քանի մը ժամ քնանալ:

2

ՀԵՌԱՑԷ՛Ք ՄՈՒԹԷՆ: Ձեր վարագոյրներն ու փեղկերը բաց պահեցէք եւ ձգեցէք, որ արեւուն լոյսը ներս թափանցէ: Օրուան բնական լոյսը, յատկապէս առաւօտեանը, դրական ուժականութիւն կու տայ եւ շատ լաւ միջոց է օրը լաւ սկսելու համար:

3

ԽՕՍԵՑԷ՛Ք ՁԵՐ ԱՆԱՍՈՒՆԻՆ ՀԵՏ: Եթէ ընտանի կենդանի մը ունիք` շուն, կատու եւ այլն… օրական քառորդ ժամ խօսեցէ՛ք անոր հետ եւ գորովալի խօսքերով շփացուցէք զայն: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ անասունին հետ ժամանակ անցընելը կը նպաստէ հանգստութեան հորմոններու` սէրոթոնին, բրոլաքթին եւ օսիթոսինի արտադրութեան եւ կը նուազեցնէ քորթիզոլը, որ ծանօթ է որպէս սթրէսի հորմոն:

4

ՏՈՒՐՄ ԿԵՐԷՔ: Տուրմը կը խթանէ սէրոթոնինը, որ ինչպէս ըսինք կը նպաստէ, որ լաւ եւ հանգիստ զգանք: Տուրմին հոտն իսկ բաւարար է, որ մեր տրամադրութիւնը անմիջապէս բարձրանայ: Թելադրելի է նախապատուութիւնը տալ 70 առ հարիւր սեւ տուրմին:

5

3992AE5C9E7C1D7CF88B02AFDC625

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԵՑԷ՛Ք: Թուղթ մատիտ առէք եւ գրեցէ՛ք, արձանագրեցէք ձեր զգացումները, օրագիր պահեցէք: Առէք գունաւոր մատիտներ, վրձին եւ գծեցէք: Առէք ասեղ դերձան եւ ձեռագործի լծուեցէք:

6

BBA63CC0D81939A4219AA752970ED

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՄԱՐԶԱՆՔ ԸՐԷՔ: Նոյնիսկ եթէ տրամադրութիւն չունիք, ճիգ թափեցէք օրական կէս ժամ մարզանք ընելու: Քալելը, վազքը, հեծանիւը, լողը սքանչելի միջոցներ են տրամադրութիւնը բարձրացնելու:

7

DD1F23B922574AE55B4CBC2FF7EBA

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԳՈՒՆԱՒՈՐԵՑԷ՛Ք: Տրամադրութիւնը բարձրացնելու լաւ միջոց է նաեւ սենեակին պատերուն գոյնը փոխելը: Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ կապոյտը, որ ծովն ու երկինքը կը յիշեցնէ, հանգստացնող ազդեցութիւն ունի:

8

505CD521F0B686FECA0FBC212F79C

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ԵՐԳԵՑԷ՛Ք: Բրիտանացի գիտնականներ կը հաստատեն, որ բարձրաձայն եւ սրտանց երգելը` լոգանքի պահուն, ինքնաշարժին մէջ կամ այլուր անմիջապէս կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը:

9

ՁՈՒԿ ԿԵՐԷՔ: Աւելի ուրախ զգալու համար ձեր  ճաշացուցակին աւելցուցէք ձուկը, ընկուզեղէնը եւ նարինջի հիւթը, որոնք ժամանակի ընթացքին կը բարձրացնեն տրամադրութիւնը:

10

ԽՕՍԵՑԷ՛Ք: Ձեր հոգերը ձեզի մի՛ պահէք, զանոնք բաժնեցէք ձեր կողակիցին, մօր եւ մտերիմ ընկերուհիին հետ, որոնք անկասկած ձեր կողքին պիտի ըլլան եւ օգնեն ձեզի:

 

Բոյսերու Խնամք

Փուէնսէթիան Կամ Կաղանդի Աստղը

indexՉկայ տուն մը, որ փուէնսէթիայի տունկ մը չունենայ կաղանդի շրջանին:

Այսօրուան սիւնակով բոյսին մասին ծանօթութիւններ պիտի չտանք, այլ պիտի ըսենք, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, որպէսզի մեր բոյսը չմեռնի եւ յաջորդ տարի կրկին ծաղկի:

Որոշ ժամանակ մը ետք փուէնսէթիայէն ծաղիկները կը թափին, մի վարանիք անոր ցօղունը կտրելու` հողէն վեր 5-10 սմ. բաժին մը ձգելով: Ասիկա պիտի օգնէ, որ նոր ծիլեր արձակէ եւ յաջորդ ձմեռ կրկին ծաղկի:

Սեպտեմբերի կէսերուն կարեւոր է, որ փուէնսէթիային գիշերները աւելի երկար ըլլան, քան ցերեկները: Ուրեմն, օրուան որոշ ժամեր զայն ծածկեցէք խաւաքարտէ խոշոր տուփով մը, զայն լոյսէն պաշտպանելու համար:

Նոյեմբերի կէսերուն կրնաք զայն կրկին «լոյս աշխարհ» բերել եւ սովորական ձեւով ջրել:

Ծաղկած շրջանին բոյսը շաբաթական 2-էն 3 անգամ պէտք է ջրել, ապա մինչեւ յաջորդ աշուն շաբաթը մէկ անգամը բաւարար է:

 

Խոհագիր

Հաւով Եւ 2 Տեսակ
Կաղամբով Աղցան

salade-de-chou-rouge-et-pomme-verteՏօնական օրերու «սանձարձակութիւններէն» ետք, ժամանակ է, որ նախապատուութիւնը տանք դիւրին, համեղ, բայց մանաւանդ առողջապահական ուտելիքներուն: Ահաւասիկ դիւրին, բայց նաեւ կշտացնող խոհագիր մը:

Բաղադրութիւն 4 անձի համար

2 գաւաթ մանր ջարդուած կարմիր կաղամբ
2 գաւաթ մանր ջարդուած ճերմակ կաղամբ
1 աւոքատօ
Կէս կիտրոնի հիւթ
2 ապուրի դգալ խոշոր դդումի կուտի միջուկ
2 ապուրի դգալ նուռի հատիկ
2 կտոր հաւու կուրծք (խաշած եւ կտրտուած)
1 գաւաթ մանրուած ազատքեղ
1 ապուրի դգալ մանանեխ (մութարտ)
1 ապուրի դգալ «պալսամիք» քացախ
Ձիթաիւղ
Աղ

Պատրաստութիւն

Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել երկու գոյնի կաղամբները եւ հաւու կտորները:

Աւոքատոյին միջուկը հարիչէ անցընել  մանանեխին, կիտրոնի հիւթին, ձիթաիւղին, ազատքեղին եւ քացախին հետ: Ստացուած թացանը աղել եւ աւելցնել կաղամբին եւ հաւուն վրայ ու լաւ խառնել: Զարդարել խոշոր դդումի կուտով եւ նուռի հատիկներով:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Առտուան դէմ
Երկուքս մէկ – այտ այտի
Հրանման մէկ շունչով
Երբ մէկ առ մէկ ծառին լոյսերը մարենք –
Պիտի առնենք շիջած մոմերը բոլոր
Պիտի շաղուենք, պիտի ձուլենք
Հալոցին մէջ մեր ափերուն հրավառ…

Յետոյ մէկտեղ – թեւ թեւի
Պիտի երթանք ամենամօտ աղբիւրին
Քարին վրայ մոմերու տաք խմորով
Գծել խաչեր` ամենախոր մեր իղձերուն համրանքով…

Ու մինչ մէկէն
Պահիկ մը լոկ – ակնթարթի չափ արագ
Գետերն ոսկի պիտի հոսին եւ աղբիւրներն ադամանդ
Մենք երկուքս – աչք աչքի
Ոչինչ պիտի չտեսնենք…

Թէպէտ մոմէ մեր խաչերն ալ իրենց գոյնին համեմատ
Պահիկ մը լոկ
Պիտի դառնան զմրուխտ սուտակ շափիւղայ
Բայց ես ու դուն – դէմ դէմի
Անոնց պիտի չնայինք
Համբոյրով մը միացած…

ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES