Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպի Մէջ 150 Պատանիներ Տուին
Իրենց Խոստումը

Կիրակի, 15 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 4:00-ին, Հալէպի «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պատանիի օրուան առիթով «Կամքի ժառանգորդներ» խորագիրը կրող ձեռնարկը, հովանաւորութեամբ` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ` Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ մասնակցութեամբ Հալէպի պատանեկանի մասնաճիւղերուն:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներէն ետք բացման խօսքով հանդիսութեան բացումը կատարուեցաւ:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին կրտսեր եւ երէց պատանիներ:

Յայտագիրի ներկայացումները այլազան էին եւ կ՛ընդգրկէին խմբային արտասանութիւն` պատանեկան միութեան կողմէ, ազգային յեղափոխական խմբային երգեր եւ կենդանի պատկեր:

Տեղին է նշել, որ պաստառի վրայ ներկայացուեցաւ պատանեկան միութեան մասին տեսանիւթ:

Օրուան պատգամաբերը եւ կնքահայրն էր Գրիգոր Տունկեան: Պատգամաբերը, հանդիսութիւնը թէեւ բաւարար եւ խօսուն նկատեց եւ չուզեց շատ բան ըսել, սակայն անդրադարձաւ պատանեկան միութեան կարեւորութեան եւ անոր գործունէութեան հոլովոյթին` հաստատելով, որ ներկայ սերունդն է մեր ապագան եւ ջահակիրը գալիք հսկայ աշխատանքներուն, մանաւանդ Սուրիոյ այս ժամանակաշրջանին:

Ապա կնքահայր Գրիգոր Տունկեան ընթերցեց Դաշնակցական պատանիին խոստումը, զոր կրկնեցին բեմին վրայ համախմբուած 150 պատանիները: Իսկապէս պահը յուզիչ էր, Սուրիոյ, յատկապէս Հալէպի տագնապալի այս պայմաններուն մէջ 150 պատանիներու խոստումը յոյս ու կամք կը ներշնչէր վիրաւորուած հալէպահայութեան:

Այս առիթով Ընդհանուր վարիչ մարմինը իւրաքանչիւր պատանիի նուիրեց «Մարզպետը» խորագիրով գիրքը:

Պատանիներու խոստումի արարողութենէն ետք բեմ հրաւիրուեցաւ Շահան եպս. Սարգիսեանը: Սրբազան հայրը իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ խոստումը ամէնէն հպարտառիթ զգացումն է` կոչ ուղղելով շարունակելու մեր նախնիներու երթը: Ապա` անդրադառնալով հանդիսութեան խորագիրին` «Կամքի ժառանգորդներ»-ուն, աւելցուց, թէ դուք այժմ ԱՌԱՔԵԱԼՆԵՐ էք, զինակիցը ձեր ընկերներուն` յաւիտեան: Ան շնորհաւորեց պատանիները, անոնց ծնողները, Սուրիոյ պատանեկան միութեան Ընդհանուր վարիչ մարմինն ու դաստիարակները` աւելցնելով, որ հայ պատանին է, որ պիտի դառնայ վաղուան ղեկավարը եւ ջահակիրը:

Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

 

Քուէյթ

Ընկերալեզուաբան`
Դոկտ. Արտա Ճեպեճեան Քուէյթի Մէջ

ardaԸնդառաջելով Հայոց ցեղասպանութեան Քուէյթի 100-ամեակի յանձնախումբին առաջարկին, ընկերալեզուաբան դոկտ. Արտա Պօյնէրեան-Ճեպեճեան, երկուշաբթի, 9 դեկտեմբերին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հանդէս եկաւ «Հայ լեզուի պահպանումի մարտահրաւէրը սփիւռքեան իրականութեան մէջ» դասախօսութեամբ, որուն ընթացքին ներկայացուց վտանգուած լեզուներու մասին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կատարած սահմանումներն ու Պէյրութի մէջ իր կատարած հայոց լեզուի մասին հարցախոյզի արդիւնքները:

Դասախօսութենէն առաջ, Քուէյթի 100-ամեակի յանձնախումբի ատենապետ Տիգրան Պայաթեան հակիրճ կերպով ներկայացուց Արտա Պօյնէրեան-Ճեպեճեանի կենսագրութիւնն ու մասնագիտական ուղին, ինչպէս նաեւ անոր մատուցելիք դասախօսութեան նիւթը:

Շուրջ մէկ ժամուան ընթացքին դասախօսը ո՛չ միայն դիտել տուաւ արեւմտահայերէնին սպառնացող վտանգները, այլեւ որպէս ընկերալեզուաբան եւ հայ մարդ, առաջարկեց միջոցներ` դէմ կանգնելու այդ վտանգին եւ զարգացնելու մեր լեզուն: Միջոցներ, որոնք կ՛ենթադրեն աշակերտներ-ծնողք համաձայնութիւն եւ գիտակցութիւն: Ան կարեւորութեամբ նշեց նաեւ, որ արեւմտահայերէնին պարզած վիճակը արդիւնք է համաշխարհայնացման եւ օտարին բարքերը ընդունելու մեր երիտասարդներու բուռն փափաքին: Հետեւաբար, կոչ ուղղեց բոլոր ծնողներուն` ըլլալու առաւել զգօն ու զգաստ, որպէսզի հետագայ սերունդը պահպանէ իր արմատները եւ չդառնայ աշխարհաքաղաքացի:

Արդարօրէն, Արտա Ճեպեճեան իր անմիջականութեամբ եւ ներկայացման իւրայատուկ ոճով տարբեր ուղղուածութեամբ մտածողներուն մօտ մտահոգութեան եւ հետաքրքրութեան ալիք բարձրացուց:  Դասախօսութեան աւարտին ան մեծ սիրով ու անկեղծութեամբ լսեց անոնց կարծիքներն ու պատասխանեց հարցումներուն:

Աւարտին խօսք առաւ Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քէհեաեան` նշելով, որ բոլոր վտանգները, զորս կը դիմագրաւենք, հետեւանք են մեր անտարբերութեան եւ սխալ վարմունքին: Հետեւաբար, ան իր հերթին յորդորեց ըլլալու միասնական եւ դէմ կանգնելու մեր ինքնութիւնը խաթարող բոլոր սպառնալիքներուն:

Նշենք նաեւ, որ Արտա Պօյնէրեան-Ճեպեճեան նոյն նիւթով երկու դասախօսութեամբ հանդէս եկաւ ազգային վարժարանին մէջ` իր միտքերն ու մտահոգութիւնները կիսելով վարժարանի երկրորդական բաժնի եւ 9-րդ դասարանի աշակերտութեան հետ:

 

Պոլիս

Գոհարեղէնի Ձեւագծող Պոլսահայ Արման
Սուճեան` «Էլլ»-ի Մրցանակակիր

«Էլլ» ամսագիրը ամէն տարի 16 երկիրներու մէջ մրցանակաբաշխութիւն կը կազմակերպէ` իրենց ասպարէզին մէջ յատկանշուած անձերը պարգեւատրելու համար: Թուրքիոյ վերաբերող  արդիւնքները հրապարակուեցան 6 դեկտեմբերին, Չըրաղան պալատի սրահներուն մէջ տեղի ունեցած հանդիսութեան մը ընթացքին:

«Տարուան գոհարեղէնի լաւագոյն ձեւագծող» անուանակարգին մէջ մրցանակակիր դարձաւ պոլսահայ Արման Սուճեան, որ մասնագիտացած է բարձր մակարդակի եւ թանկագին գոհարեղէն պատրաստելու գործին մէջ, սկսած է նաեւ մոմի վրայ մանրակերտ քանդակներ պատրաստելու:

2004-էն ի վեր ան ձեւագծումները կը կատարէ եւ կ՛աշխատակցի Անգլիոյ եւ Իտալիոյ կարգ մը ընկերութիւններու: Ան իր յատուկ հաւաքածոն պատրաստելու համար 2010-էն սկսեալ գործունէութիւնը կը շարունակէ իր սեփական աշխատանոցին մէջ:

Արման Սուճեան իր բարձրակարգ ձեւագծումներուն համար արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու:

 

Լոնտոն

Հայկական Քոնեակի Համտեսում

brandy4 դեկտեմբերին Լոնտոնի մէջ Միացեալ Թագաւորութեան Համայնքներու պալատի «Չերչիլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական «Արարատ» քոնեակի համտեսում:

Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Սարգիսեան ելոյթ ունենալով` ներկայացուց դրուագներ հայկական քոնեակի պատմութենէն` բացայայտելով, թէ ինչպէ՛ս հայ գործարարները, կրցած են յաջողիլ Հայաստանի մէջ օգտագործելով արեւմտեան միջոցներ: Այնուհետեւ Բրիտանահայկական միջխորհրդարանական խումբի փոխնախագահ, Համայնքներու պալատի մշակոյթի, լրատուութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնաժողովի նախագահ Ճոն Ուիթինկթէյլ խօսք առնելով` կարեւորեց նման ձեռնարկներու կազմակերպումը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Յարութ Փամպուքճեանին Կը Յանձնուի
Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կոնդակը

0000HaroutPamboukjianԴեկտեմբեր 17-ի կէսօրին Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարան այցելեց հանրածանօթ ժողովրդային երգիչ Յարութ Փամպուքճեանը եւ հիւրընկալուեցաւ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի կողմէ: Յ. Փամպուքճեան առաջնորդարան եկած էր սրբազանը անձամբ հրաւիրելու իր հանգուցեալ կնոջ` Ռուզանայի յուղարկաւորութեան: Այս այցելութիւնը տեղի կ՛ունենար ի պատասխան ցաւակցական այն հաղորդակցութեան, զոր առաջնորդը ունեցած էր նախապէս:

Առաջնորդը անգամ մը եւս ցաւակցութիւն յայտնեց արուեստագէտին, իր կնոջ կորուստին համար, «Հոգւոց» աղօթք արտասանեց անոր յիշատակին եւ մաղթեց, որ ան արժանի ըլլայ երկնային խաղաղութեան:

Այս այցելութեան առիթով, առաջնորդը նաեւ Յարութ Փամպուքճեանին յանձնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական կոնդակը, որով «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշան կը շնորհէր երգիչին, հայ երգի տարածման գործին մէջ անոր բերած նպաստին համար: Կոնդակը շնորհուած էր հոկտեմբեր 7, 2011-ին, վեհափառին Արեւմտեան թեմ շնորհած հովուապետական այցելութեան առիթով, դպրեվանքի 81-ամեակի ճաշկերոյթին ընթացքին:

Յ. Փամպուքճեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին եւ խնդրեց, որ իր երախտագիտութիւնը փոխանցէ վեհափառին:

ՀՄԸՄ–ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու
38-ր
դ Շրջանային Ժողով Եւ Պոսթընի
Մասնաճիւղի 40-Ամեակի Նշում

HMEM_38thՎերջերս, Պըրլինկթըն շրջանի «Շերեթըն» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու 38-րդ Շրջանային ներկայացուցչական ժողովը, հիւրընկալութեամբ` Պոսթընի մասնաճիւղին, որ  այս տարի նաեւ կը տօնէր մասնաճիւղին հիմնադրութեան 40-ամեակը:

Առաջին հերթին ներկայացուեցան մասնաճիւղերու միամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրը, նաեւ ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան երկամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը: Եռօրեայ նիստերու օրակարգը կ’ընդգրկէր Արեւելեան շրջանի վերջին երկու տարուան գործունէութիւններու զեկոյցը, ապագայի ռազմավարութեան նպատակներու ներկայացումը, Ցեղասպանութեան հարիւրամեակն ու մարզական եւ սկաուտական գործունէութիւններու զեկոյցը, ներառեալ Համա-ՀՄԸՄ-ական խաղերը: 2014-ի Համա-ՀՄԸՄ-ական բանակումին առնչութեամբ առաջարկներ ներկայացուեցան:

Ներկայացուցչական ժողովը ներկայացուց յառաջիկայ երկամեայ շրջանի մարզական,  սկաուտական, կազմակերպչական, նիւթական, «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի, օրացոյցի, ՀՄԸՄ-ի կայքին ու ապագայի գործունէութիւններուն ու աշխատանքներուն վերաբերող առաջարկներ:

Ժողովը ընտրեց  2014-2015 տարեշրջանի Շրջանային վարչութիւնը, որ բաղկացած է հետեւեալ անդամներէն. Վահէ Թանաշեան (Ուաշինկթըն), Արա Իշխանեան (Ֆիլատելֆիա), Արամ Քայսէրեան (Պոսթըն), Ռազմիկ Փանոսեան (Պոսթըն), Պերճ Փափազեան (Շիքակօ), Սարգիս Դարբինեան (Փրովիտէնս) եւ Մարք Թորոսեան (Նիւ Ճըրզի):

Պանդոկի սրահներէն մէկուն մէջ, կատարուեցաւ յատուկ հաւաք-ընթրիքի երեկոն` նուիրուած Պոսթընի մասնաճիւղին 40-ամեակին: Կազմակերպուած էր  նաեւ նկարներու ցուցահանդէս տեղւոյն մասնաճիւղի 40-ամեակին եւ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան 95-ամեակին առթիւ:

Օրուան հանդիսավար Վիգէն Խաչատուրեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք բեմ հրաւիրեց մասնաճիւղի ատենապետ Ճէք Պեճաքեանը եւ    ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ Հրաչ Մեսրոպեանը:

Պեճաքեան յայտնեց, թէ հետեւողականօրէն աշխատելով ու ծառայելով, ջահը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ եւ ՀՄԸՄ-ը կը շարունակէ գործել: Հրաչ Մեսրոպեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ պարծանք ու պատիւ է տօնել Պոսթընի մասնաճիւղին 40-ամեակը: Ան նաեւ նշեց, թէ կարեւոր է ՀՄԸՄ-ի դերը եւ մարտահրաւէրը հայապահպանման աշխատանքին մէջ` նշելով, թէ այսպիսի հաւաքներ ու հանդիսութիւններ առիթ կը ստեղծեն, որ ՀՄԸՄ-ը վերամշակէ իր գործունէութիւնը եւ ձեռք ձգէ նորանոր նուաճումներ:

Այս առիթով յուշանուէր մը յանձնուեցաւ Պոսթընի մասնաճիւղին մէջ տարիներ շարունակ ծառայած Պետիկ Տէր Վարդանեանի, որ իր հպարտութիւնը յայտնեց սոյն կազմակերպութեան մաս կազմած ըլլալուն համար:

Ռուբէն Հախվերտեանի Ելոյթը

roupenԿազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէի եւ ՀԵԴ «Գարեգին  Նժդեհ» մասնաճիւղին, վերջերս Ուոթըրթաունի Հայ մշակութային եւ կրթական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի երգիչ Ռուբէն Հախվերտեանի համերգը:

Օրուան հանդիսավար Նայիրի Խաչատուրեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ այս երեկոն նուիրուած է Արցախի ազատագրական պայքարի 25-ամեակին, ապա քանի մը տողով ներկայացուց արուեստագէտին կենսագրականը:

Օրուան պատգամը փոխանցեց «Հայրենիք»-ի անգլերէն բաժնի` «Արմինիըն ուիքլի»-ի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան, որ շեշտեց Արցախի վերաբնակեցման եւ Արցախի անկախութեան միջազգային ճանաչում ապահովելու աշխատանքներուն զարկ տալու անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ Ռուբէն Հախվերտեան ընկերակցութեամբ երգահաններ` Գեղամ Մարգարեանի եւ Արտիոմ Մանուկեանի:

Էլի Պէրպէրեանի Նոր Ձայնապնակը`
«Արեան Կանչը»

elieՎերջերս լոյս տեսաւ Էլի Պէրպէրեանի նոր ձայնասկաւառակը` «Արեան կանչը» խորագիրով: Ասիկա Պէրպէրեանի չորրորդ երաժշտական ալպոմն է, որ կը յաջորդէ իր «Նրան երգը», «Յոյսի դուռը» եւ «Վարդեր ուղարկիր» ալպոմներուն:

«Արեան կանչը» ազգային, յեղափոխական երգերու հաւաքածոյ մըն է: Ձայնապնակի կողքի գրքոյկին մէջ Էլի Պէրպէրեան  գրած է. «Հայկական հայրենասիրական երգերուն մէջ մենք կը գտնենք մեր անցեալի յաղթանակներու, մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ արիութեան եւ նահատակութեան պատմութիւնները… պահելով այդ երգերուն հարազատ երաժշտութիւնն ու բառերը մենք կը փորձենք անոնց պատգամը այս ալպոմով հասցնել մեր երիտասարդ եւ երէց սերունդներուն»:

Աւելի Քան 80 Հազար Տոլար` Ի Նպաստ
Քաշաթաղի Վերաբնակեցման Ծրագիրին

kashataghՎերջերս, 75 բարեկամներ հաւաքուած էին Քալիֆորնիոյ Սիլիքոն հովիտի Լոս Ալթոս Հիլզ քաղաքին մէջ գտնուող Ադամ եւ Ռիթա Քապլանեան ամոլի  բնակարանը, իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար Արցախի վերաբնակեցման նպատակով կազմակերպուած դրամահաւաքի ձեռնարկին:

Ներկաները խոստացան աւելի քան 80 հազար տոլար տրամադրել այն ծրագիրին, որուն նպատակն է բնակարաններ վերանորոգել կամ ամբողջովին նոր բնակարաններ կառուցել, աւելի մեծ թիւով հայեր Արցախ ներգրաւելու նպատակով:

Այս նախաձեռնութիւնը իրականացնելու նպատակով գոյացած յանձնախումբի ատենապետ Ժիրայր Սարգիսեան խօսեցաւ Քաշաթաղի բնակչութեան դիմագրաւած դժուարութեանց մասին` շեշտելով, թէ ամբողջ հայութեան պարտականութիւնն է նեցուկ կանգնիլ Արցախը հայութեամբ վերաբնակեցնելու նախաձեռնութիւններուն:

Յանձնախումբի գանձապահ Մարտօ Գաբրիէլեան աւելցուց, թէ նման կարճ ժամանակամիջոցի մէջ գոյացած այս գումարը քաջալերական է ու ցոյց կու տայ, թէ որքա՛ն կարեւոր ռազմագիտական նշանակութիւն ունի այս ծրագիրը` միաժամանակ բացայայտելով Ծոցի շրջանի հայութեան առատաձեռնութիւնը:

Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ
Եկեղեցւոյ 47-ամեակի Տօնախմբութիւն

47AMIAG7-8 դեկտեմբերին  տեղի ունեցաւ Ս. Գրիգոր  Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 47-ամեակի տօնախմբութիւն:

Շաբաթ երեկոյեան եկեղեցւոյ Տիկնանց միութեան կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ ընթրիք: Տիկնանց միութեան անունով Անօ Չագալեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն  հրաւիրեց  թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը կատարելու սեղաններու  օրհնութիւնը: Այնուհետեւ Նորա Շիրիքեան խօսք առնելով` բարեմաղթութիւններ կատարեց  բոլորին:

Առաջնորդ սրբազանը իր կարգին դրուատիքով  արտայայտուեցաւ այս ձեռնարկին կազմակերպման համար եւ մաղթեց, որ Նոր  տարին վերջ տայ հայու ցաւերուն, չարը կորչի ու բարին բոյն դնէ մեր սրտերուն մէջ: Ան նաեւ  գնահատանքով արտայայտուեցաւ ծխական  համայնքին ծառայողներուն ժողովրդանուէր  ու  եկեղեցաշէն աշխատանքներուն մասին եւ  մաղթեց, որ այս երթը շարունակուի դէպի նոր  նուաճումներ:

Կիրակի առաւօտուն, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ  եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական  Ս.  պատարագ, զոր մատուցեց առաջնորդ  սրբազանը:

Հայ Դատի Հանդիպումը
Ծերակուտական
Տէրըլ Սթայնպըրկի Հետ   

haytad_DEC13Կազմակերպութեամբ Հայ դատի Արեւմտեան  Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբին, 13 դեկտեմբերին Կլենտէյլի «Փէշէքէրեան» կեդրոնին  մէջ տեղի ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի  նախագահ Տէրըլ Սթայնպըրկի հետ ծանօթացման  հանդիպումը:

Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետուհի Նորա  Յովսէփեանի բարի գալուստի խօսքէն վերջ Լոս  Անճելըսի քաղաքապետարանի անդամ Փօլ  Գրիգորեան ներկայացուց յարգելի հիւրը: Ծերակուտական Սթայնպըրկ վերահաստատեց  իր զօրակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան  ճանաչման եւ պատրաստակամութիւն  յայտնեց  Հայ դատի յանձնախումբին հետ գործակցութիւնը  շարունակելու հայ համայնքը շահագրգռող  հարցերու մասին:

 

Սթոքհոլմ

Սթոքհոլմի Մէջ Կը Հիմնուի
Համազգայինի Մասնաճիւղ

hamazhayin1 դեկտեմբեր 2013-ին հիմնուեցաւ Սթոքհոլմի Համազգայինի Մեկուսի մասնաճիւղը: Հիմնադիր ժողովին ներկայ էին 15 անդամներ եւ Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Մկրտիչ Եափուճեան:

Ան տեսերիզով եւ հակիրճ ակնարկով փոխանցեց Համազգայինի հիմնադրութեան նպատակները եւ անդրադարձաւ անոր 85-ամեայ պատմութեան:

Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան ընտրութիւնը հետեւեալ կազմով. Մելինէ Մանսուրեան` ատենապետուհի, Նորա Վեքիլեան-Թաժրա` ատենադպրուհի եւ Սիմոն Տէր Սահակեան` գանձապահ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES