«Աւետաբեր» Երգչախումբի Ծննդեան Համերգը. Յաջող Իրագործում Մը
ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ
Տօնական ցնծութեան այս օրերուն «Ծննդեան համերգ»-ով հանդէս եկաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդարանի «Աւետաբեր» երգչախումբը, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի:
Լիբանանահայ առաքելական մեր եկեղեցիներու դպրաց դասերու ձայնաւոր երկսեռ երիտասարդներէ բաղկացած 40 անդամներով «Աւետաբեր» երգչախումբը իրաւամբ արժեւորեց իր անունը, 3 յունուար 2014-ին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, գաղութի երաժշտասէր եւ հաւատացեալ ժողովուրդին ներկայացնելով սքանչելի համերգ մը: Յայտագիրը կազմուած էր հայկական շարականներով, արաբերէն հոգեւոր երգերով, ինչպէս նաեւ դասական օտար լեզուներու երգերով, որոնք ունին համաշխարհային համբաւ եւ թարգմանուած են բազում լեզուներու:
Համերգին ներկայ եղան Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, հոգեւոր դասու հայրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ հոծ հանդիսականներ:
Հանդիսութիւնը սկսաւ «Խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի» շարականով, շարունակուեցաւ «Այսօր տօն է սուրբ ծննդեան», «Խնկի ծառի նման ես», «Վարանիմք», «Զանճառելի Լուսոյ մայր» հոգեւոր երգերով. ֆրանսերէն հոգեւոր երգ մը մեկնաբանեց խումբը, մենակատարներ` Սէրլի Գէորգեանի, Նաթալի Գնտոյեանի եւ Մատլէն Ինճէեանի մասնակցութեամբ:
Ողջունելի եղաւ ունկնդրութիւնը «Ալլէլուեա» միջազգայնացած երգին, մենակատարութեամբ Արեւիկ Գրիգորեանի, հնչեղ եւ քաղցրալուր սոփրանօ մը, որ ապագայ կը խոստանայ:
«Լուռ գիշեր» համաշխարհայնացած սքանչելի երգը մեկնաբանեց երգչախումբը` անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով, «Աւէ Մարիա» Աստուածամօր նուիրուած մեներգը մեկնաբանեց ծանօթ երգչուհի սոփրանօ Անայիս Կետիկեան: Հնչեց նաեւ «Մեծասցուցէ»-ն` մենակատար Սիրան Արծրունի:
Քառաձայն երգչախումբի անդամները գրեթէ բոլորն ալ ունին հաճոյալուր ձայներ, որոնց ընդմէջէն ստեղծուեցաւ հոգեթով մթնոլորտ, արժանանալով ջերմ ծափահարութիւններու:
Երգչախումբին խմբավար Երուանդ Քէշիշեան մեկնաբանեց երկու մեներգ` օտար լեզուներով, արժանանալով ջերմ ծափերու: Բացի խմբավարի իր շնորհքէն, Երուանդ ունի մշակուած եւ հաճելի ձայն, ինչ որ կը նպաստէ խմբավարական իր արուեստին:
Յայտագիրը շարունակուեցաւ ամենայն յաջողութեամբ, Քրիստոսի ծնունդին նուիրուած եւ դարերու հնչեղութիւնը մեզի փոխանցող շարականներով, ինչպէս` «Ով զարմանալի» եւ «Այսօր ձայնն հայրական», մենակատարներ` Զեփիւռ Ճամպուլեան եւ Րաֆֆի Կէօվօղլանեան:
Յիշեցինք այս անունները, առանց մոռնալու քառեակ երգեցողութիւնը, մասնակցութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, Անի Մաջուլեանի, Ցոլեր Կրպոյեանի, Արեւիկ Գրիգորեանի, Գէորգ Գուշաքճեանի եւ Արա Կարէեանի:
Հարկ է մատնանշել, թէ երգչախումբ պահելը շատ դժուար է, որովհետեւ աշխատանք է, մէկուն բացակայութիւնը կը խանգարէ համերգին ներդաշնակութիւնը, կը պահանջէ ներկայութիւն, երգ եւ երաժշտութիւն սիրելու կոչում: Պարզապէս հաւաքական նուիրում` յանուն երգարուեստի, այս պարագային հա՛յ երգին: Իր բացման խօսքով այս կարեւոր հարցին անդրադարձաւ Մարալ Մխսեան` նշելով ձեռնարկին կարեւորութիւնը եւ նման նախաձեռնութիւններու նկատմամբ Ազգային առաջնորդարանին քաջալերանքը:
Համերգին վերջին երգերը եղան հայրապետական մաղթերգը եւ «Կիլիկիա» կարօտաբաղձ երգը:
Հուսկ` իր օրհնութեան խօսքը ներկայացնելու հրաւիրուեցաւ առաջնորդ սրբազանը` Շահէ եպս. Փանոսեան, որ գովելի նախաձեռնութիւն նկատեց նորակազմ «Աւետաբեր» երգչախումբին ծննդեան համերգը: Ան շեշտը դրաւ մեր երիտասարդութեան երգն ու երաժշտութիւնը սիրելու կարեւորութեան եւ այդ սէրէն բխած անոնց ներդրումին վրայ` նշելով, որ համերգը այդ իրականութեան լաւագոյն փաստն է: Սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց խմբավարին, որուն հետեւողական ջանքերուն եւ ամիսներէ ի վեր կատարած աշխատանքին շնորհիւ կարելի եղաւ համերգը յաջողցնել: Շահէ սրբազան օրհնեց երգչախումբին երիտասարդ-երիտասարդուհիները մաղթելով յարատեւ յաջողութիւն: Ներկայ ժողովուրդին Նոր տարին շնորհաւորեց ան եւ մաղթեց խաղաղութիւն համայն աշխարհին եւ հայ ժողովուրդին: Յիշատակելի ձեռնարկ մը նկատեց ծննդեան այս համերգը, եւ ամէնուն մաղթեց Շնորհաւոր Նոր տարի եւ Սուրբ Ծնունդ:
Յ. Գ.- «Թելէ Լիւմիէր» պատկերասփիւռի կայանը նկարեց համերգը:

