Սայիտ Աքլ Հայ Ժողովուրդը Պանծացուց Լիբանանեան Հեռատեսիլէն
50 տարի առաջ, 9 յունուարին «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած է տաղանդաւոր լիբանանցի բանաստեղծ Սայիտ Աքլի կողմէ հայութեան եւ Հայաստանի մասին արտասանուած խօսք մը, զոր ան արտայայտած է Ս. Ծննդեան առիթով:
Խօսքին ներկայացուցած արժէքին եւ կարեւորութեան համար ստորեւ կը ներկայացնենք այս առիթով լոյս տեսած «Ազդակ»-ի խմբագրականը, լրատուութիւնը եւ Սայիտ Աքլի ճառը:
«Ա.»
Լիբանանի հեռատեսիլի երկու կայաններն ալ հայկական Ծնունդին առթիւ, յատուկ յայտագիրներ պատրաստած էին: Մասնաւորաբար ուշագրաւ էր 11 կայանի կազմակերպած երեկոյթը, որուն իր պատուոյ մասնակցութիւնը բերաւ լիբանանցի տաղանդաւոր բանաստեղծ Սայիտ Աքլ:
9 կայանի յայտագիրը կը բաղկանար Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրաց դասի շարականներէն, Արփինէ Փեհլիվանեանի երգերէն եւ Տարօնի պարախումբին պարերէն: Ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Յակոբ Իսկէնտէրեան ներկայացուց յայտագիրը եւ սքանչելի ֆրանսերէնով մը բացատրեց, թէ հայերը ինչո՞ւ յունուար 6-ին կը տօնեն Ծնունդը:
11 կայանի յայտագիրը պատրաստուած էր լիբանանահայ ծանօթ երգչուհի Վիքի Կարապետեանի կողմէ, որ վերջերս շահեցաւ Սայիտ Աքլի մրցանակը` երգելով անոր բանաստեղծութիւններէն մէկը, Ռահպանի եղբայրներու երաժշտութեամբ: Այս անգամ եւս Վ. Կարապետեան երգեց չորս երգեր` հայերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ արաբերէն: Վերջինը` փայլուն յաջողութեամբ:
Այս յայտագրին իր թանկագին մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի Էշրեֆիէի մասնաճիւղի «Քնար» երգ ու պարի խումբը` ղեկավարութեամբ տէր եւ տիկին տոքթ. Աբրահամեաններու: Բոլոր պարերն ու խմբերգներն ալ արժանացան ջերմ գնահատանքի:
Յայտագիրի վերջաւորութեան խօսք առաւ Սայիտ Աքլ եւ բարձրաթռիչ ոճով մը պանծացուց հայ ժողովուրդը, անոր ստեղծագործական արժէքները, բարոյական բարձրութիւնը, պատմական առաքելութիւնը եւ քաղաքակրթական դերը:
Սայիտ Աքլի Ճառը Լիբանանեան Հեռատեսիլէն
Լիբանանցի Մեծ Բանաստեղծը
Հիւսեց Գովքը Հայաստանի
Տօնական երեկոյ մը, յիշատակներով հարուստ,
Հայկական ձայներ, թիթեռնիկներ,
Երազի առաւօտ մը, կը ցոլացնեն Լիբանանի լոյսը,
Եւ օդին մէջէն, գեղեցկութիւնն ու սէրը կը տանին
Իւրաքանչիւր յարկէ ներս:
Ամէն անգամ որ ան կը յայտնուի, ու ամէն անգամ
որ զեփիւռը սիրտս կը ղրկէ էջերը պատմութեան
ժողովուրդի մը, որ վեհօրէն բարձր է, որուն
կրնայ գերազանցել ոչ մէկ ժողովուրդ:
Դուն, Կարապետեան, կրակի ճամբան,
Դուն է, որ Լիբանանի անունը դրիր
Բոլոր արդիական լեզուներու մէջ,
Ինչպէ՜ս կրնամ ժամանակէդ գողնալ եւ
խօսիլ քեզ լսողներուն
Բայց կ՛առնեմ քու տեղդ եւ արծիւներու
լեզուով կը խօսիմ հայ մեծ ժողովուրդի պատմութեան մասին:
Հայերուն հետ իմ կապերս շատ հինէն կու գան: Գիրի ու գրականութեան իմ առաջին օրերէս: Այն օրերէն, երիտասարդութեան այն օրերէն, երբ աչքը սեւեռած կ՛ըլլայ կեանքի գարուններուն, անկարելիին վրայ: Այն օրերէն, երբ ճանչցայ Վահան Թէքէեանը դասական, հոյակապ բանաստեղծ մը, որ Ժըպրանի մեծութիւնը ունի իմ քովս: Ան կը նմանի լերան կատարին, որ կը նմանի որոտումի: Հայ մեծ բանաստեղծ մը, որ կը սիրէր Լիբանանը: Ամառ օր մը, Տհուր Շուէրի մէջ ողջունեցի զայն: Հոն է, որ իրարու հանդիպեցանք: Զայն ճանչցայ ֆրանսական քերթողութեամբ, Ռոնսարի լեզուով, ու այդպէսով է, որ գաղափար կազմեցի այդ երազի մարդուն մասին: Նոյնիսկ սիրած զգացումներուն մէջ, այս բանաստեղծը կերտեց պալատներ, հասաւ աստղերուն, տիեզերքը դարձուց խաղալիք մը սիրոյ ձեռքերուն մէջ:
Կը յիշեմ, որ իրմէ թարգմանեցի կտոր մը արաբերէնի` «Անունդ» խորագրով: Շատեր սիրեցին այդ, շատեր ողջունեցին:
Այսօր, բարեկամս Վահան Թէքէեան, հայ բանաստեղծութեան մեծ մարդը հեռացած է այս աշխարհէն: Բայց մեր բարեկամութիւնը չէ կորսուած: Վերածուած է կապի իմ եւ ժողովուրդի մը միջեւ, իմ եւ պատմութեան միջեւ:
Հայաստա՜ն, Հայաստան, որ կը քալէ արիւնի վրայ, տիեզերքի սրտին վրայ: Հայաստան այնքա՜ն գեղեցիկ, այնքա՜ն սիրելի, սկսած եմ շատ բան սորվիլ քու մասիդ: Ան, որ կը փորձէ ճանչնալ քեզ, կը վախնայ, կը կապուի քեզի, ու կը սկսի քեզ սիրել ինչպէս իր հայրենիքը, կ՛ուզէ ըլլալ միջնադարեան ասպետ մը` պայքարելու համար քու մարդոցդ հետ, դուն` տարօրինակ երկիր, հրաշալի երկիր, հերոս, վեհանձն եւ լուսաւոր երկիր:
Երեւակայեցէք լեռնոտ երկիր մը, բարձրաբերձ 1500-3000 մեթրի վրայ, ու նոյնիսկ 5165 մեթր բարձրութեան հասնող կատար մը, Սաննինին երկու անգամը, ուր կան լիճեր, որոնք կը սնանին երկնասլաց լեռներու ձիւնով: Երկիր մը, որ չի մոռնար ջուրեր ժայթքել դէպի Թուրքիա, Սուրիա եւ Իրաք, կ՛ոռոգէ պարտէզներ, անապատներ, ուր կը հոսին Տիգրիսն ու Եփրատը, աշխարհի ամէնէն արգաւանդ հողերուն մէջէն:
Այս երկիրը, որ կը պարուրէ այնքան բերրի հող մը, այնքան զօրաւոր ժողովուրդ մը, լուսաւոր աչքերով, որ պատմութեան մէջ բազմադարեան կեանք ունի:
Հայ ժողովուրդի զաւակները մեծցան ու ճանչցան հերոսութիւնը. Տիգրան, Աբգար, Տիգրան Բ. աշխարհակալ: Ու Անի՜ն, Անին արուեստի ու մշակոյթի, Անին, որ կոչուեցաւ «Արեւելքի Փարիզը»:
Հայերը, հոն ուր գաղթեցին, հոն ուր ոտք դրին, անդադար հողը մշակեցին: Իրենց երկրին մէջ թէ դուրսը, եղան գործունեայ եւ արտադրող, տաղանդով ու ճաշակով:
Ո՞ւր է այսօր հայերուն հայրենիքը: Այս երկիրը իրենց հայրենիքն է: Ամէն անգամ, որ կը դառնամ պատմութեան, կը գտնեմ վեհապանծ Հայաստանը, որ չի մեռնիր:
Տասնեակ պետութիւններ, մեծ պետութիւններ, հին եւ նոր, որոնք այսօր ծերացան, հարուածեցին հայ ժողովուրդը, որ չուզեց մեռնիլ: Հայերը բարձրագլուխ կանգնեցան Լենկթիմուրի դիմաց, որ վրէժ լուծելու համար ողջ ողջ թաղեց 4000 հայ մարտիկներ:
Այդ 4000 հայերը խորհրդանիշ մը չեն միայն Հայաստանի համար, այլ` ամբողջ մարդկութեան:
Հայաստանի այդ փառապանծ էջը կ՛ըսէ. հայ ժողովուրդը նոյնիսկ գերեզման կ՛իջնէ, ժպտուն, ողջ եւ գլուխը բարձր:
Ամէնէն նախանձելին այն է, որ այս ժողովուրդը, ուր որ ալ երթայ, անդադար կ՛աշխատի, կ՛աւելցնէ աշխարհի բարիքները, կ՛աւելցնէ աշխարհի լոյսը:
Այո՛, մենք հոս` Լիբանանի մէջ, երախտապարտ ենք հայերուն, որոնք մեզի սորվեցուցին անգործ չմնալ: Աղքատ կամ հարուստ` մեր ձեռքերը միշտ կ՛աշխատին:
Լիբանանը սիրեց հայերը եւ իր ճակատագիրը կապեց անոնց ճակատագիրին: Ոչ ոք կրնայ հայերու պէս ըսել. մենք տուինք այն հողին, որ մեզ ընդունեց:
Հայերը մեզի սորվեցուցին աշխատիլ:
Մինչեւ երէկ, լիբանանեան երաժշտութեան լաւագոյն տարրերը կը կազմուէին անոնցմէ, որոնց աչքերը կու գային Արարատ լեռէն, եւ որոնք ունէին Վանայ ծովուն գեղեցկութիւնը:
Երկու տարի առաջ, երբ երաժշտութեան մեծ վարպետը` Արամ Խաչատուրեան այցելեց մեր երկիրը, իրեն յայտնեցինք, թէ իր հայրենակիցները երկրորդական տարր մը չեն Լիբանանի վերածնունդին մէջ: Լիբանանի ձիրքերն ու տաղանդը մաս կը կազմեն հայերու սրտին, ու Լիբանանի սիրտը մէկ մասն է իրենց սրտին:

