Խմբագրական. Սայիտ Աքլ Արաբ Բանաստեղծութեան Տիտաններէն
Զահլէի մշտադալար մրգաստաններուն մէջ աշխարհ գալով, լայնատարած պերճութիւններու եւ ակնապարար շքեղութիւններու առջեւ աչքերը բացած Սայիտ Աքլ` մատղաշ տարիքէն մինչեւ այսօր, եղաւ արդարութեան եւ ճշմարտութեան անկաշառ եւ անաչառ պաշտպանը: Իրեն ծնունդ տուող մայր բնութեան հոգեխռով սքանչելիքներէն ներշնչուած` երգեց անոր զգլխիչ գեղեցկութիւնը, անիմանալի ներդաշնակութիւնը, օրհնաբանեց երփներանգ գոյներն ու կենսաբաշխ բոյրերը, փառաբանեց արարչագործութիւնը:
Ուսումնասիրելով կեանքի զանազան երեւոյթներն ու հոլովոյթները` մարդկային սիրոյ տաղասացը եղաւ: Սիրեց մարդը, մարդկայնութիւնը եւ իր խորաթափանց մտքին աչքերով նշմարեց զինք շրջապատող իւրաքանչիւր ազգի առանձնայատկութիւններն ու առաքինութիւնները եւ սիրեց բոլորը անխտիր, սիրեց բանաստեղծական սիրոյ մը վարդագոյն ժպիտով:
Այսպիսի առաքինութիւններով օժտուած մեր յարգելի բարեկամը` հերոս ազգի մը ծոցէն ելած, ինքն ալ անվիճելի հերոս մը, խրոխտաբար դրուատեց մեր մղած դարաւոր դիւցազնական ոգորումներն ու արիւնալի պայքարները, ընդդէմ այլատարր եւ այլացեղ բռնակալներու եւ գաղթարարներու: Մարգարէաշունչ բանաստեղծ մը ըլլալով` հիասքանչ բացատրութիւններով պանծացուց մեր աննման բանաստեղծներու աստուածաշունչ ստեղծագործութիւնները, անվերապահօրէն ներբողեց մեր ապրելու եւ յարատեւելու աննկուն կամքն ու գիտակից յամառութիւնը, ստորագծեց ու ուժգնօրէն շեշտեց մեր անմրցելի տոկունութիւնը եւ աւանդական ազատասիրութիւնը. մեր օրինակելի ջանասիրութիւնն ու տոհմային վեհանձնութիւնը մատնանշեց առանձնապէս ու հրապարակաւ, պատկերասփիւռի պաստառէն, 5 յունուար 1964-ի երեկոյեան` ի լուր եւ ի գիտութիւն համայն արաբական աշխարհին:
Պայծառատես բանաստեղծը, իր հզօր իմացականութենէն ճառագայթող իմաստութեան լոյսին տակ, թուելով մեր փառաւոր անցեալի դէպքերն ու եղելութիւնները, մեր ներկայի յարաճուն վերելքն ու մշակութային նուաճումները` արձակեց մեր անմահութեան վճիռը. մեր յաւերժականութիւնը ծանոյց բոլորին` վկայ բերելով ալեւոր Մասիսի սէգ կատարը, սգաճամուկ դժբախտ Անիի աղաղակող փլատակները, Արեւելքի այդ լքուած ու տրորուած գեղուհիին գոյութիւնը:
Սայիտ Աքլ մարդկային սիրոյ երգիչի հանգամանքով սիրած է մեզ եւ հիացման աչքերով նայած է մեզի: Իր մեզմէ ըլլալը յայտարարեց անսեթեւեթ եւ անվարան: Ասոր մէջ կայ շատերուն համար անծանօթ ճշմարտութեան մը նշոյլը, որովհետեւ, ըստ ցեղաբան գիտուններու վկայութեան, լիբանանցիներն ալ արմենօյիտ են հայերու նման, որոնք գաղթելով Փռիւգիայէն, եկած հաստատուած են Միջերկրականի արեւելեան ափը:
Սայիտ Աքլ անվիճելի հայրենասէր մըն է նոյն ատեն: Հայրենիքի անցեալն ու ապագան, գրականութիւնն ու մշակոյթը լայնօրէն գրաւած են իր ուշադրութիւնը: Դրականօրէն փաստելու համար իր այս յատկութիւնը, ամիսը 1000 լ. ոսկիի գրական մրցանակ մը հիմնեց` հայրենիքի փառքն ու վերելքը պանծացնող յաջողագոյն գիրքի մը, գրութեան մը հեղինակին վճարուելու նպատակով:
Մայրիներու հայրենիքին` բնական լիառատ ճոխութիւններուն մէջ ծլող ու հասակ նետող բանաստեղծ մը ըլլալով, երգած է անոր հմայիչ գեղեցկութիւնները, զգլխիչ հրաշալիքները. երգած է բարձրաբերձ Սաննինի դիւթական վեհութիւնը, միջերկրականեան ծիրանաշող մայրամուտը, Պիպլոսի արծաթափայլ արշալոյսը, երգած է հայրենիքն ու հայրենասիրութիւնը, երգած` անոր յաւերժականութիւնը:
Ահաւասիկ Պիպլոսի դպրութեան տաճարներուն նոր քուրմերէն` Սայիտ Աքլ դասական մարդը, հարազատ ծնունդը Աշթերութի, հայրենիքի երկնասլաց մայրիներուն նման սէգ բանաստեղծը, Սաննինի լերկ կատարին վրայ թառած անսասան ժայռի մը նման կանգնած խրոխտ լիբանանցին, մտքի ու զարթօնքի ռահվիրան:

