Պելճիքայի Տիւշաթելէ` Չարլթընի Նոր Սեփականատէրը
«ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ առեւտրական Ռոլան Տիւշաթելէ, որ կը նկատուի Պելճիքայի ամէնէն հարուստ անձերէն մէկը, Չարլթըն Աթլեթիք անգլիական ակումբին նոր սեփականատէրը հանդիսացաւ:
67 տարեկան պելճիքացին, որ նաեւ քաղաքական գործիչ է Պելճիքայի մէջ, միեւնոյն ժամանակ պելճիքական Սթանտար Լիեժ ֆութպոլի ակումբին սեփականատէրն է:
Չարլթըն, որ կը գտնուի Լոնտոնի հարաւ-արեւելքը, երկու առիթներով մաս կազմած է բարձրագոյն դասակարգի խումբերուն (վերջինը` 2007-ին): Անիկա այժմ Ա. դասակարգին մէջ կը գրաւէ 19-րդ դիրքը (24 խումբերու մէջ):
CATEGORIES Մարզական

