Ալոնսոյի Աշխատավարձը Կրնայ Աւելնալ 1,5 Անգամով
Կ՛ակնկալուի, որ այս շաբաթ Ռէալ Մատրիտի պատասխանատուները բանակցութիւններ վարեն ակումբին յետսապահներէն Խապի Ալոնսոյի հետ` պայմանագիրի երկարաձգման հարցով:
Արքայական ակումբը 32 տարեկան ֆութպոլիստին կ՛առաջարկէ 2+1 պայմանագիրի տարբերակը, այսինքն` սկզբնական երկարաձգումը պիտի ըլլայ երկու տարի, որմէ ետք` տարի մը եւս, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` իր լուրը քաղելով AS-էն եւ Cadena SER-էն:
Ռէալ Մատրիտ պատրաստ է իր մարզիկին համար տարեկան 6 միլիոն եւրօ աշխատավարձք վճարելու:
Այսպիսով, եթէ համաձայնութիւն գոյանայ երկու կողմերուն միջեւ, Ալոնսոյի աշխատավարձը, որ այժմ 4 միլիոն եւրօ է, պիտի աւելնայ 1,5 անգամով:
Աւելի կանուխ տեղեկութիւններ շրջան կ՛ընէին, որ Փարիզ Սեն Ժերմեն երեք տարուան պայմանագիր մը առաջարկած է Ալոնսոյի համար, փոխան` 40 միլիոն եւրոյի:

