Մարատոնա Շատ Հաւանաբար Յաջորդէ Մարգարեանի
Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ tuttomercatoweb.com կայքէջը կը նշէ, որ արժանթինցի միջազգային նախկին աստղ Տիեկօ Մարատոնա շատ հաւանաբար նշանակուի Փերուի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, այսպիսով յաջորդելով ուրուկուէյահայ մասնագէտ Սերճիօ Մարգարեանի, որ նախորդ ամսուան վերջը լքեց իր ստանձնած մարզիչի պաշտօնը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը աւելցուց նշելով, որ կը խօսուի նաեւ Մարսելօ Պիելսայի մասին:
CATEGORIES Մարզական

