Գէորգ Ղազարեանի Տեղափոխութիւնը Չկատարուեցաւ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեանի փորձառական շրջանը` «Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Պրաունսշուեկի հետ, բաւական կարճ տեւեց, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը:
Գերմանական ակումբը Ղազարեանի հետ պայմանագիր պիտի չկնքէ:
Ակումբին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ. «Այն փաստը, որ ան կը հանդիսանայ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկ, շատ բան կ՛ըսէ անոր ունեցած որակներուն մասին: Ան թեքնիք իմաստով բաւական լաւ պատրաստուած է: Մենք պիտի շարունակենք անոր ներկայացումներուն հետեւիլ»:
Նշենք, որ 2013-ի ամրան Ղազարեան միացաւ ղազախական Շախտիորին, սակայն նախորդ դեկտեմբերին տեղեկութիւններ շրջան ըրին, որ ան չի փափաքիր ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը վերջինիս հետ շարունակել:
CATEGORIES Մարզական

