«2022-ի Մոնտիալը Ամառը Տեղի Պիտի Չունենայ» Կ՛ըսէ Վալքը

ՖԻՖԱ-ի ընդհանուր քարտուղար Ժըրոմ Վալքը երէկ իր կատարած մէկ պաշտօնական յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ 2022-ի Քաթարի Մոնտիալը տեղի պիտի չունենայ ամրան ամիսներուն:

«Մոնտիալի մրցումները տեղի պիտի չունենան յունիսին կամ յուլիսին: Կը կարծեմ, որ անոնք տեղի պիտի ունենան 15 նոյեմբերէն 15 յունուարի ժամանակամիջոցին: Եթէ պահ մը մտածենք, որ անոնք կրնան սկսիլ 15 նոյեմբերէն, դեկտեմբերի վերջը օդերեւութաբանական պայմանները պիտի ըլլան սքանչելի, ինչ որ պիտի համապատասխանէ Եւրոպայի կլիմային», ըսաւ Վալքը:

Share this Article
CATEGORIES