Շումախըրի Կինը Կը Խնդրէ Հանգիստ Ձգել Զինք Եւ Իր Ընտանիքը

Schumi's-wife«Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան մէջ մեծ համբաւ ու ժողովրդականութիւն ունցած գերմանացի վարորդ Միքայէլ Շումախըրի կինը` Քորինա, Կրենոպլի հիւանդանոցը (Ֆրանսա) շրջապատած լրագրողներէն խնդրեց հանգիստ ձգել զինք եւ իր ընտանիքը:

«Կը խնդրեմ, մեզ աջակցեցէք Միքայէլի կեանքին համար մղուող պայքարին մէջ: Ինծի համար շատ կարեւոր է, որ հեռանաք հիւանդանոցին շրջակայքէն եւ բժիշկներուն հանգիստ ձգէք, որպէսզի կատարեն իրենց աշխատանքը: Կոչ կ՛ուղղեմ, որ անոնց վստահիք պաշտօնական բոլոր յայտարարութիւնները եւ այլ լուրեր չհրապարակէք», նշեց Շումախըրի կինը:

 

Share this Article
CATEGORIES