Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան Կը Մասնակցի Ուիյք Աան Զիի Մրցաշարքին
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէջը (Armchess.am) կը հաղորդէ, որ հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 11-26 յունուար 2014-ին տեղի ունենալիք Ուիյք Աան Զիի (Հոլանտա) ճատրակի միջազգային գլխաւոր մրցաշարքին:
Արոնեանի մրցակիցները պիտի ըլլան Նաքամուրա, Քարուանա, Կելֆանտ, Քարժաքին, Տոմինկես, Կիրի, Սօ, Նայտիչ, Հարիքրիշնա, Ռափորթ եւ Վան Ուելի:
CATEGORIES Մարզական

