Լիբանանի Քոնկ Ֆու-Ուու-Շուի Ֆետերասիոնը Պատուեց «Պել-Հորիզոն»-ի Նախագահը
Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնը պատուեց «Պել Հորիզոն Քաունթրի Քլապ» ակումբի նախագահ Ժալալ Հաուան` նկատի ունենալով, որ ան միշտ զօրավիգ կը կանգնի ֆետերասիոնին տարբեր տեսակի մարզերու մէջ, ըլլայ նիւթական կամ այլ ձեւերով:
Ֆետերասիոնին կողմէ յատուկ յուշանուէր մը ստանալու ընթացքին, ան շնորհակալութիւն յայտնեց նշելով, որ ինք ու իր ակումբը կը զօրակցին ֆետերասիոնին, որպէսզի այս մարզաձեւը միշտ յաջողութիւն գտնէ թէ՛ տեղական եւ թէ՛ միջազգային կամ արաբական գետնի վրայ:
Նշենք, որ ան այդ յուշանուէրը ստացաւ ֆետերասիոնի փոխնախագահ Նաում Սաատէի կողմէ:
CATEGORIES Մարզական

