ՊԸՐՐԻ ՈՒԻԼԻԸՄԶԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Մայքըլ Ուիլիըմզը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ուիլիըմզ յայտնեց, որ Պըրրիի հետ հանդիպումը դրական էր: Ան ողջունեց Լիբանանի կառավարութեան կազմութիւնը` շեշտելով, որ ինք վստահ է, որ կառավարութիւնը պիտի կարենայ դիմակայել Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական հարցերը, ինչպէս նաեւ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնը, որ ինքնին մարտահրաւէր մըն է:
Ուիլիըմզ նկատել տուաւ, որ ինք նաեւ ցաւակցութիւն յայտնած է Պըրրիին` Թրիփոլիի միջադէպերուն պատճառով արձանագրուած զոհերուն համար:
Մայքըլ Ուիլիըմզ նշեց նաեւ, որ պէտք է աւելի լուրջ աշխատանք տանիլ Լիբանանի մէջ առեւանգուած եօթը էսթոնիացի զբօսաշրջիկներուն հարցով, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Պըրրիի այցելեցին նաեւ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նախագահ Ամալ Հատտատ եւ նախկին նախարար Էլիաս Հաննա, որոնք խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցին իրենց շնորհաւորութիւնները` կառավարութեան կազմութեան առումով: