Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Ինչ աշխատանք որ կատարէք, իրագործումները թող ըլլան կեդրոնացեալ տրամադրութեամբ: Սկսուած գործ մը կիսատ մի՛ ձգէք: Ունիք գնահատուելու պատեհութիւն եւ իրաւունք:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Եթէ ընկերովի աշխատանք մը ունիք, ջանացէք ձեր բաժինը գործադրել արդար ձեւով: Ձեր պարտականութիւնը ուրիշին վրայ մի՛ ձգէք:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ճշմարտութիւնը արտայայտելը քաջութիւն կը պահանջէ եւ ոչ կեղծիք: Եթէ արդարութեան մասին պիտի չկարենաք ճշմարտութեամբ խօսիլ, աւելի լաւ է, որ լուռ մնաք, քան թէ խծբծանքի ենթարկուիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս
Ձեր գործունէութեամբ օրինակելի դասեր պիտի փոխանցէք ձեր շրջապատին: Այս իրողութիւնը պիտի բարձրացնէ ձեր վարկը աշխատանքի թէ ընկերութեան մէջ: Շարունակեցէք նոյն համոզումներով:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Տրտունջը ոչինչ կու տայ ձեզի, բացի յոռետեսութենէ: Պատճառ չունիք կեանքը պղտոր տեսնելու: Ձեր սիրտը թող ըլլայ ձեր մտածումին աղբիւրը: Գոհունակութիւն կ՛ունենաք:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ունիք մտաւորական աշխատանք, եթէ պարտաւոր էք նամակներ գրելու կամ պաշտօնական թուղթերով զբաղելու, օրը շատ յարմար է, վաղուան մի՛ ձգէք:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դրամատնային պարտականութիւն մը ունիք ձեր հաշիւները ստուգելու: Տօնական օրերու ծախսերէն ետք ստիպուած էք նոր հաշուեցոյց ունենալ:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Հիւրեր կրնաք ունենալ արտասահմանէն: Այս առիթով կրնաք յաւելեալ աշխատանք ունենալ, ընկերային պարտաւորութիւն կատարել: Մի՛ դժկամիք, սիրով շարժեցէք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Հոգուով սրտով տրամադրուեցէք ձեզի յանձնուած աշխատանքին: Եթէ դժուարութեան մատնուիք, ձայն տուէք բարեկամներու, որպէսզի թեթեւնայ ձեր բեռը:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Կեանքը առէք այնպէս, ինչպէս որ է: Դժուարութիւնները կարելի է շրջանցել ազնիւ վերաբերումով: Ձեր միտքէն հեռացուցէք անցեալի ծանր յուշերը:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տօնական օրուան մը տրամադրութեամբ պիտի ապրիք օրը: Կրնաք ստանալ շնորհաւորանքի խօսքեր ձեր ունեցած շնորհներուն եւ իրագործումին համար:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Գործուած սխալին անդրադառնալը իմաստութիւն է: Եթէ մէկը վիրաւորած է ձեզ, ոխ մի պահէք, ոչ ալ վիրաւորական խօսքերով պատասխանեցէք անոր:

Այսպիսով կը նկատուիք յարգելի անձ մը:

Share this Article
CATEGORIES