50 Տարի Առաջ (10 Յունուար 1964)

Ու Թան Լաւատես` 1964-ի Մասին

«Ոսկեդարը Տակաւին Չէ Ծագած,
Բայց Հնարաւորութիւններ Կան»

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Ու Թան կը հաւատայ, որ երեւոյթները նպաստաւոր են միջազգային կարգ մը խնդիրներու լուծման համար, եթէ հնարաւորութիւն ստեղծուի օգտագործելու գոյութիւն ունեցող առիթները:

Տակ Համըրշեոլտի յիշատակին տրուած երեկոյթի մը ընթացքին, Քոլիւմպիա համալսարանին մէջ, Ու Թան յայտարարեց.

«Պատմութիւնը մեզի կը սորվեցնէ, թէ ամէն անգամ որ օգտագործելի մթնոլորտ մը կը ստեղծուի, պէտք է շահագործել զայն, այլապէս կրնայ տեղի ունենալ դէպի ետ շրջում մը, որ կրնայ մեզ նետել տագնապներու մէջ: Եւ այս անկումը մեր առջեւ կը բանայ միայն պատերազմի ճամբան»:

Ընդհանուր քարտուղարը շնորհաւորեց Ամերիկայի ու Խորհրդային Միութեան կառավարութիւնները, զէնքերու արտադրութեան կրճատումին համար եւ ըսաւ. «Ներկայ տարին կը սկսի զէնքերու կրճատումին եւ զինեալ ուժերու թիւի նուազումի շշուկներով»: Այսուհանդերձ, Ու Թան իր վերապահութիւնը յայտնեց հետեւեալ բացատրութեամբ. «Թէեւ ամպերուն վրայ կը տեսնուին արծաթեայ երիզներ, սակայն աւելի լաւ իրարհասկացողութեան մը ոսկեդարը տակաւին չէ ծագած»: Ան յիշեց, որ կորիզային զէնքերու արշաւը տակաւին կը շարունակուի եւ այս երեւոյթը իր կողմէ բնորոշուեցաւ որպէս մերօրեայ աշխարհի դիմագրաւած մեծագոյն վտանգը:

«Այս արշաւին դադար մը պէտք է տրուի, եթէ կ՛ուզենք, որ մարդկութիւնը վերապրի», յայտարարեց Ու Թան:

Ընդհանուր քարտուղարը իր հաւատքը յայտնեց` «որ 1964 տարին պիտի ըլլայ Միացեալ Ազգերու պատմութեան համար խիստ տարի մը»:

«Ժամանակն է, որ կազմակերպութիւնը դիմագրաւէ իր պարտաւորութիւնները եւ լուծում մը տայ այն խնդիրներուն, որոնց պատճառով իր գործունէութիւնը կը դանդաղի: Ասոնց շարքին ամենակարեւորը տնտեսական դժուարութիւններն են: Կազմակերպութիւնը 134 միլիոն տոլարի պարտքի տակ մտած է: Ճշմարտութիւն է, որ իր պարտատէրերը ընդհանրապէս անդամ կառավարութիւններ են, սակայն կը կարծեմ, թէ հրամայական է կազմակերպութեան համար ձերբազատիլ նիւթական դժուարութիւններէ: Նմանապէս կը հաւատամ, որ սնանկացած կազմակերպութիւն մը դժուար թէ ազդու ըլլայ»:

Ֆրանսական գործակալութիւնը, տալէ ետք Ու Թանի ճառին ամփոփումը, կ՛ընդգրկէ հետեւեալ նախադասութիւնը.

«Մերձաւոր Արեւելքի ընդհանուր կացութիւնը սպառնական է, ու կը վախնամ, որ Միացեալ Ազգերը այս տարի ստիպուին աւելի շատ զբաղիլ այդ շրջանով, քան 1963-ին»:

 

Նամակ Պերլինէն

Տօնական Օրերը Պերլինի Մէջ

420,000 Հոգի Այցելեցին Արեւելեան Պերլին`
8
Օրուան Ընթացքին

Արեւմտեան պերլինցիներու դէպի արեւելեան քաղաքամաս մէկ օր այցելութեան արտօնութիւնը ընտանեկան մօտիկ անդամներու, լիուլի կ՛օգտագործուի: Ութ օրուան մէջ 420,000 անցագիր տրուած է:

Ասիկա վարչական արագ գործունէութեան մրցանիշ կոտրող բան մըն է: Ո՛չ միայն դպրոցական շէնքերը պաշտօնէութեան տրամադրուած են արեւմտեան կողմէն, այլ արեւելքէն ալ եկած են թղթատարական գործերու պաշտօնեաներ, որոնք հարցարան կը բաժնեն ինքնութեան թուղթեր քննելով, եւ յաջորդ օրն ալ վաւերացուած «անցագիրներ» կը յանձնեն:

Դժբախտաբար առաջին օրերու 4-6 ժամ կարգի կենալու դժուարութիւնները շատերու յուսահատութիւն, նեղութիւն եւ հիւանդութիւն պատճառեցին: Նոյնիսկ 76 տարեկան կնոջ մը մահուան պատճառ եղաւ սպասումը ձիւնին եւ ցուրտին մէջ:

Ամէն պարագայի այս տարուան տօնական ոգեւորութինը իր գագաթնակէտին հասաւ արեւելեան Պերլին այցելութեան առիթով եւ ճոխ նուէրներով, որովհետեւ արտօնուած էր նաեւ ծրարներ միասին տանիլ ազգականներու:

Քաղաքին գրեթէ բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին այնքան, որ Ծննդեան տօնի դեկտեմբեր 24-ի գիշերը կէսօրէ ետքէն սկսեալ չորս-հինգ անգամ արարողութիւն կատարուեցաւ նոյն եկեղեցիին մէջ, նոյն երգեցիկ խումբերով, միայն քարոզիչը փոխուելով: Այստեղ դրամահաւաքութիւն եղաւ «Հաց աշխարհի համար» վերտառութեամբ, որ արդէն քանի տարիէ ի վեր արդիւնաւորապէս կը գործադրուի, թշուառ երկիրներու ժողովրդական խաւերուն ուղղակի օգնելու նպատակով:

Մինչդեռ «Կաղանդ հայրիկ»-ը, բեռնաւորուած, տուները կը մտնէր, եւ ամէն տունի տօնածառերը կը լուսաւորուէին: Պատուհաններուն ետեւը մոմեր կը պլպլային` իբրեւ ցոյց եղբայրական եւ միասնական, արեւելքի կողմն ապրող գերմանացիներուն հետ հոգեկան կապակցութեան ի խնդիր:

Պ. ՖՐՈՒՆՃԵԱՆ

 

Ներքին Կեանք

Ինքնաշարժի Ճչակներուն
Գործածութեան Պարագաները

Պատկան իշխանութիւնները մշակած են ինքնաշարժի ճչակներուն գործածութիւնը կանոնաւորող նոր հրամանագիր մը, որուն գլխաւոր տրամադրութիւններն են.

1) Բոլոր շարժավարներուն համար, լիբանանեան հողամասի ամբողջ տարածքին վրայ, ճչակներու գործածութիւնը արգիլուած է հիւանդանոցներու, պանդոկներու եւ հանրային հաստատութիւններու մօտ:

2) Վերեւ յիշատակուած վայրերէն դուրս, ճչակներու գործածութիւնը արտօնուած է միայն ծայր աստիճանի ստիպողական եւ յանկարծական վտանգի պարագաներուն:

ՇԱՔԱՐի գինի բարձրացման հետեւանքով, անուշեղէններու քիլոն 15 լ. դահեկանի յաւելում մը կրած է:

 

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Քամալ Ճոմպլաթ որոշած է կրօնապետները ժողովի մը հրաւիրել` անոնց հետ ուսումնասիրելու համար երիտասարդութեան այլասերման հարցը: Ճոմպլաթ ծրագրած է պայքար բանալ սթերէօ-քլիւպներու եւ քապարէներու դէմ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES