Արուեստի Աշխարհէն. Վէպ Մը Կարդալը Կը Խթանէ Ուղեղին Գործունէութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԳՐԱՒԻՉ ՎԷՊ ՄԸ ԿԱՐԴԱԼԸ ՈՒՂԵՂԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՍՏԵՂԾԷ ԿԵՆՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ԱՅՆՊԻՍԻ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, ՈՐՈՆՔ ՕՐԵՐՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ, ՄԻՆՉ ՈՒՂԵՂԸ ԿԸ ՓՈԽԱԴՐՈՒԻ ՀԵՐՈՍԻՆ ՄԱՐՄՆԻՆ ՄԷՋ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐԱԳՈՅՆ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆԸ:
Գիտնականներու համաձայն, դէպի գրաւիչ վէպի մը աշխարհը փոխադրուիլը կրնայ ուղեղին մէջ ստեղծել իրական այնպիսի փոփոխութիւններ, զորս կարելի է չափել, եւ որոնք կրնան շարունակուիլ վէպը կարդալէ 5 օր ետք:
Նոր ուսումնասիրութիւնը, որ կատարուած է Միացեալ Նահանգներու Էմըրի համալսարանին մէջ, ի յայտ բերած է, թէ գիրք մը կարդալը կրնայ խթանել ուղեղին մէջ հաստատուող կապերը եւ ստեղծել ջղաբանական այնպիսի փոփոխութիւններ, որոնք կը շարունակուին ճիշդ այնպէս, ինչպէս երկար ժամանակի վրայ կը գոյատեւէ մկաններուն իւրացուցած յիշողութիւնը:
Փոփոխութիւնները արձանագրուած են ուղեղին ձախ կիսագունդին մէջ, որ կ՛առնչուի լեզուական ընկալումի հետ, ինչպէս նաեւ ուղեղին այն մասին մէջ, որուն պարտականութիւնն է զգայարաններու միջոցով իրեն հասած տեղեկութիւնները ուղարկել ուղեղին տարբեր մասերը:
Ուղեղին այս մասին ջղային բջիջները կը ստեղծեն այն խաբկանքը, թէ ուղեղը որոշ գործի մը լծուած է, մինչդեռ այդպէս չէ: Օրինակ, պարզապէս վազելու մասին մտածելը կրնայ խթանել ուղեղին ջղային այն բջիջները, որոնք կ՛առնչուին վազելու ֆիզիքական շարժումին հետ:
«Ֆիզիքական զգացողութեան եւ շարժումի համակարգերուն հետ առնչուած ջղային բջիջներուն փոփոխութիւնները, զորս նկատեցինք, մտածել կու տան, թէ վէպ մը կարդալը մեզ կրնայ տեղափոխել հերոսին մարմնին մէջ», կ՛ըսէ ջղային բջիջներու մասնագէտ Կրեկորի Պըռնզ, որ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւնը:
«Արդէն գիտէինք, թէ երբ կը կարդանք լաւ պատմութիւն մը, կը տեղափոխուինք այլ անձի մը աշխարհին մէջ: Սակայն այժմ կը նկատենք, թէ նաեւ տեղի կ՛ունենայ կենսաբանական փոփոխութիւն մը»:
Ուսումնասիրութեան մասնակցած են 21 ուսանողներ, որոնք կարդացած են նոյն գիրքը` Ռոպըրթ Հարիսի 2003-ին հրատարակուած «Փոմփէյ» վէպը, որ ընտրուած է նկատի ունենալով անոր խիստ հետաքրքրական դիպաշարը:
«Վէպը կը պատմէ հերոսի մը մասին, որ կը գտնուի Պոմպէյէն դուրս, եւ յանկարծ կը տեսնէ, թէ մուխ մը կը բարձրանայ եւ տարօրինակ բաներ կը պատահին հրաբուխին շուրջ,- կ՛ըսէ Պըռնզ:- Իրական դէպքերը կը պատկերուին երեւակայական պատմութեան մը պէս եւ` թատերականութեամբ: Մեզի համար կարեւոր էր, որ գիրքը ունենար առինքնող դիպաշար մը»:
Ուսանողները 19 օր շարունակ ամէն գիշեր մաս մը կարդացած են գիրքէն, ապա առաւօտուն ենթարկուած են «Էմ. Առ. Այ.»-ի քննութեան: Գիրքը աւարտելէ 5 օր ետք դարձեալ նկարուած է անոնց ուղեղը:
Նկարները ցոյց տուած են, թէ ջղաբանական փոփոխութիւնները շարունակուած են գիրքը աւարտելէն 5 օր ետք, ինչ որ կ՛ապացուցէ, թէ վէպին ներգործութիւնը պարզապէս անմիջական հակազդեցութեան մը արդիւնքը չէ, այլ` անոր ազդեցութիւնը տեւական է:
«Թէեւ մասնակցողները «Էմ. Առ. Այ.»-ի քննութեան պահուն չէին կարդար վէպը, սակայն անոնց ուղեղը կը գտնուէր ջղային կապեր հաստատելու աշխուժ վիճակի մը մէջ,- կ՛աւելցնէ Պըռնզ:- Ասիկա կը կոչենք «ստուերային գործունէութիւն», որ յար եւ նման է մկանային յիշողութեան»:

