Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Արդարութի՞ւն… Բարգաւաճո՞ւմ

P1-turkey-corruption-in-turkeyԱմիսներ առաջ Պոլսոյ Թաքսիմ հրապարակի վրայ ծայր առած խռովութիւնները պատճառ դարձած էին, որ աշխարհը իր բոլոր ցամաքամասերով հետեւի Արեւմուտքն ու Արեւելքը կամրջող այդ քաղաքին անցուդարձերուն:

Շաբաթներ շարունակ Պոլիսը եղաւ աշխարհի կիզակէտը: Լրագրողներ իրենց գրիչին ետին, լուսանկարիչներ իրենց ոսպնեակին ետին նկարագրեցին Պոլսոյ իրավիճակը, յատկապէս նեղ կացութեան մատնելով վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանն ու իր գործադիր ղեկավարութիւնը:

Այսօր` տարեվերջի եւ… տարեսկիզբի օրերուն, հաւանաբար լրագրողներ (յատկապէս միջազգային) եւ լուսանկարիչներ չեն ժամանած Պոլիս, սակայն Էրտողան կ՛ապրի այդ Թաքսիմի անկիւնադարձային օրերէն շատ աւելի դժուար ժամեր:

Եթէ Թաքսիմը… արտաքին պատկերն էր, այս պարագային հարցն ու կիզակէտը` ներքին պատկերն է… ներքին խոհանոցը, ուր ԶԵՂԾԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՓՏԱԾՈՒԹԻՒՆԸ փոխարինած են «Արդարութիւնն ու բարգաւաճումը»… եւ այդ ալ ինչպէ՜ս:

Այս անգամ ամբաստանողը, յունիսին Թաքսիմի խռովութիւններուն հետ բաղդատած, ընդհանուր առմամբ ձախն ու անոր մօտակայ արբանեակ կազմակերպութիւնները չէին, ոչ ալ այլ հզօր կառոյց մը` բանակը, այլ Էրտողանի կուսակցութեան նման, կրօնական արդի եւ արեւմտեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած, թիւ մէկ մրցակից «ակն ընդ ական» թշնամի շարժում-կազմակերպութիւնը` «Ճեմաաթ»-ը, որուն ղեկավար Ֆեթհուլլահ Կիւլենը (1999-էն ի վեր, Ֆիլատելֆիա հաստատուած) մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, եւ գործածելով քարոզչական (որոնց կարգին, ամէնէն աւելի սպառող «Զաման» թերթը) արդի միջոցները, հաստատօրէն թափանցած է երկրի զանազան խաւերէն ներս, ներառեալ` կառավարական:

Այս տարուան մարտ 30-ին պիտի կատարուին տեղական ընտրութիւնները, ուր այս ընթացքով Էրտողան եւ իր կուսակցութիւնը, որոնք տասնամեակէ մը աւելի է, որ յիսուն առ հարիւրէ աւելի քուէներ կրցած էին հաւաքել, այս անգամ կրնան մեծ դժուարութիւններու առջեւ գտնուիլ:

Մինչ այդ, կենսոլորտի նախարար Էրտողան Պայրաքտար, իր հրաժարականը ներկայացնելու ատեն, կոչ ուղղած է վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, որպէսզի ի՛ր կարգին ներկայացնէ հրաժարականը…

 

Share this Article
CATEGORIES