Գայթակղութիւն` Թուրքիոյ Մէջ

«Հայրենիք»

P1-erdoghan1-30Դեկտեմբեր 17-էն սկսեալ, Թուրքիան ցնցուած է աւելի քան յիսուն աղմկայարոյց ձերբակալութիւններով:

Երեք հանգրուաններով տեղի ունեցած ձերբակալութիւններուն ընթացքին հսկողութեան տակ առնուածները կը մեղադրուին «դրամ մաքրագործելու», զեղծարարութիւններ իրականացնելու, պաշտօնի չարաշահում կատարելու, կաշառակերութեան ու ոսկիի մեծաքանակ մաքսանենգութեան յանցանքներով: Հսկողութեան տակ առնուած են պետական պաշտօնեաներ, յայտնի գործարարներ ու ներքին գործոց, բնապահպանութեան եւ տնտեսութեան նախարարներուն զաւակները, ինչպէս նաեւ «Հալքպանք» պետական դրամատան նախագահ Սիւլէյման Ասլանը:

Հետաքրքրական է, որ երեք դատախազներ, որոնց հսկողութեան ներքեւ կը կատարուէին այս հարցին հետապնդումները, գաղտնօրէն գործակցած էին` Պոլսոյ գլխաւոր դատախազին գլխաւորութեամբ: Նոյնիսկ արդարադատութեան նախարարը տեղեակ չէր այս հետապնդումէն:

Անգարայի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ հերքեց թրքական լրատուամիջոցներու տարածած այն լուրը, թէ փտածութեան շուրջ հետաքննութեան ետին Միացեալ Նահանգները կը կանգնին: Այդ լուրը կը յաջորդէր Էրտողանի այն յայտարարութեան, թէ գայթակղութեան կազմակերպման մէջ մեղադրելի են «մութ ուժերը», որոնք կը գործեն արտերկրէն:

Ռիքարտոնէ ըսաւ, որ` «Միացեալ Նահանգներ  որեւէ ձեւով չեն առնչուած հետաքննութեան եւ կաշառքի շուրջ ընթացող հետաքննութեան: Ոչ ոք պէտք է Թուրքիա-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութիւնները անհիմն պնդումներով  վտանգէ»:

Վարչապետ Էրտողան խստօրէն քննադատեց ձերբակալութեանց արշաւը` զայն իր կառավարութեան դէմ դաւադրութիւն մը եւ «աղտոտ գործողութիւն» որակելով:

Ան յայտարարեց. «Վերջերս կարգ մը դեսպաններ հետաքրքրական  կերպով գրգռիչ արարքներ կը կատարեն: Ձեր գործերով զբաղեցէք: Մենք ստիպուած չենք ձեզ մեր երկրին մէջ պահել: Եթէ ձեր երկիրներուն մէջ գտնուող մեր դեսպանները որեւէ խաղի առնչուին, դուք եւս մեզ պէտք է տեղեակ պահէք, մեր դեսպանները տուն կը կանչենք»:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դեսպանին հրապարակած հաղորդագրութեան իբրեւ պատասխան այլ յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Մենք Միացեալ Նահանգներու դեսպանին յայտարարութիւնը բաւարար կը նկատենք: Զինք այս հարցով նախարարութիւն կանչելու որեւէ ծրագիր չկայ»:

Ոմանց կողմէ «թրքական պատմութեան ամէնէն կարեւոր դէպքը» որակուած է վերջին մեծ գայթակղութիւնը, որ ի յայտ եկած է Թուրքիոյ տարածքին: Ձերբակալուած են մեծ թիւով քաղաքացիներ` կաշառակերութեան դէմ պայքարին ծիրին մէջ:

Անոնցմէ ոմանց տունը գտնուած են միլիոնաւոր տոլարներու համապատասխանող գումարներ:

Երեւոյթը Էրտողանի եւ իր ընդդիմադիրներուն միջեւ հաշուեյարդարի մը բոլոր տուեալները կը  պարունակէ:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է պաշտօնազրկել Պոլսոյ նահանգի եւ անոր շարք մը քաղաքներու ապահովութեան բաժանմունքներու 25 տնօրէններ, որոնց շարքին`  Ֆաթիհ քաղաքամասի ապահովութեան պատասխանատուն: Իսկ ելեւմուտքի նախարարութիւնը կը պատրաստուի  ընդհանուր հետաքննութեան ենթարկել «Պանք-Ասիա»-ն, որ Ֆիլատելֆիա հաստատուած, այլախոհ Ֆեթհուլլահ Կիւլենի շարժումին պատկանող դրամատուներէն մէկն է:

«Սապահ» օրաթերթը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը որդեգրած է որոշում մը, որ լրագրողներուն կ՛արգիլէ մուտք գործել Թուրքիոյ բոլոր քաղաքներուն ոստիկանական կեդրոնները:

Մինչ այդ, ապահովական ուժերը Անգարայի մէջ ոստիկանութեան կազմակերպուած ոճիրներու դէմ պայքարի բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնին դիակը յայտնաբերեցին անոր ինքնաշարժին մէջ: Ան անյայտ պատճառներով անձնասպանութիւն գործած է, սակայն կը կարծուի, թէ ան փտածութեան հարցով պաշտօնազրկուած անձերէն մէկն է:

Հարցաքննութենէն խուսափելու նպատակով, Թուրքիոյ վարչապետին զաւակը` Պիլալ Էրտողան, փախած է Ազրպէյճանի մայրաքաղաք` Պաքու: Կը նշուի, որ Պիլալ Էրտողան անօրինական շինութիւններ կառուցելու արտօնութիւն ստացած է: Նախապէս տեղեկութիւն տարածուած էր այն մասին, որ փտածութեան գայթակղութեան ծիրին մէջ գաղտնի կերպով լսուած է նաեւ վարչապետ Էրտողանի հեռախօսային մէկ զրոյցը: Ըստ «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթին, Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի ղեկավարը գործարարական կապեր ունի վարչապետի որդիին հետ, որ Ֆաթիհի քաղաքապետարանի կառավարման խորհուրդի անդամ է:

Յստակ չէ, թէ Էրտողան ինչպէ՞ս ընտրեց պաշտօնազուրկ հռչակուած նախարարները, բայց անոնց մէջ կան իրենց անուններով կամ իրենց զաւակներուն անունով ամբաստանուողները:

Վարչապետ Էրտողանի կողմէ կազմուած նոր դահլիճը ներքին ու արտաքին շրջանակներու կողմէ նկատուեցաւ պայքարի կառավարութիւն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES