Ժամանակակից Գաղթականական Հոսքերը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Ժամանակակից ընկերութիւններու դիմագրաւած մեծ հարցերէն մէկն է արտագաղթ-ներգաղթը, համաշխարհայնացման ալեկոծութեան մէջ, որ ծնունդ կու տայ հակասական կարծիքներու` տնտեսական, մշակութային, քաղաքական եւ ազգային ենթահողի վրայ, աւելին` հակամարտութիւններու:

Ցարդ կը խօսէինք նոյն ընկերութեան կամ աշխարհագրական նոյն գօտիին մէջ անհաւասարութիւններու, անոնց

յառաջացուցած հակամարտութիւններու եւ սրբագրութիւններու մասին: Ներառեալ`

գաղթ-ներգաղթը: Ներկայիս այս մօտեցումները իրապէս աննշան դարձած են, եւ դէմ յանդիման կը գտնուինք աղէտներու եւ ողբերգութիւններու, որոնց լուծման համար եղած առաջարկները յաճախ նեղ իմաստով շահախնդրական են, ընտրական-դիրքապաշտական, ենթագաղափարախօսական:

Տասնամեակ մը առաջ փորձ կ’ըլլար կացութիւնները բացատրել զարգացած-ճարտարարուեստականացած հիւսիսի եւ հարաւի թերաճ երկիրներու տարբերութեամբ: Ներկայիս, համաշխարհայնացման ծիրին մէջ տեղի կ’ունենան մարդկային համրանքի անզսպելի եւ զանգուածային տեղափոխութիւններ, տնտեսութեան, ազատութեան ձգտումի եւ դեռ բնութեան տարերքի ճնշման ներքեւ: Կան կղզիներ, որոնք հետզհետէ ծովամոյն կ’ըլլան, անհող եւ անհայրենիք ձգելով բնակիչներ, որոնք կ’ընդունուին այլ երկիրներ, օրինակ Նոր Զելանտա:

Մոլորակի բնակչութեան նոր քարտէս մը գծուելու ընթացքի մէջ է, մարդկային նոր խճանկար մը, ինքնութիւններու գումարումով եւ ոչ իսկական համադրումով, քանի որ քաղաքակրթութիւնները եւ մշակոյթները դեռ չեն կրցած հետեւիլ, իւրացնել եւ պատշաճիլ նոր դրութեան:

Նոր ստեղծուող այս մարդկային նոր խճանկարը արդէն ցոյց կու տայ, որ արժէքներու եւ կենցաղի հասարակ յայտարարի մը բացակայութեան, կը ստեղծուի պայթիւնավտանգ կացութիւն մը, զոր կարելի չէ վնասազերծել անգիտանալով, բամպակէ խօսքերով:

2002-էն ի վեր, Իտալիոյ բացերը գտնուող Լամբետուզա կղզին հասնելով Եւրոպա մտնելու նպատակով իրենց երկիրներէն մեկնածներէն (Լիպիա, Սուրիա եւ ափրիկեան այլ երկիրներ) 3300 հոգի ալիքներու զոհ գացած են: Աւելի՛ն. 1990-էն ի վեր, ուրիշ 20,000 հոգի մեռած են Եւրոպայի դարպասներուն առջեւ: Իրենց երկիրներու թշուառութենէն, կռիւներէն, իշխանութիւններու փտածութենէն եւ սնունդի պակասէն տառապողներ «աւետեաց երկիր» չեն հասած, չեն կրցած հասնիլ: Ուրիշ հազարաւորներ հասած են եւ կը հասնին յոյսերով եւ երազներով, կը գտնեն նոր տեսակի թշուառութիւն: Եւրոպական երկիրները, հակառակ իրենց «մարդասիրական» ճառերուն, աշխարհը հարուածող տնտեսական տագնապի եւ «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան» (Պիոս ԺԱ. քահանայապետ, 1931) իբրեւ հետեւանք, չեն գտներ իրենց մարդասիրական ցանկութիւններուն պատասխանը: Եւ ծնունդ կ’առնեն անխուսափելի հակամարտութիւններ, բնիկները` իրարու դէմ, դէմ նաեւ նոր հասնողներու:

Հիւսիս-հարաւ տարբերութիւնը կարելի չէ հարթել հարաւը հիւսիս փոխադրելով, ինչ ալ ըլլան ամբոխավարական ընթացիկ տարազները: Հակառակ այն թեթեւ կշռող կարծիքին, որ դէպի եւրոպական երկիրներ գաղթականական հոսքը դրական պատեհութիւն մըն է Եւրոպայի համար, այդ դրականութիւնը նախ ժամանակաւոր կրնայ ըլլալ, աշխատաւոր ուժի ներածման որպէս հետեւանք, այդ ալ աշխատանքներու համար,  որոնցմէ բնիկները կը խուսափին: Բայց այդ գաղթականներու զաւակները պիտի չշարունակեն իրենց ծնողներու գործը, կրթութիւն պիտի ստանան: Չի խօսուիր այդ գաղթականութեան իր բնական միջավայրէն, հարազատ մշակոյթէն եւ արժէքներէ հեռացման մասին, որ հոգեբանական եւ ինքնութեան պահպանման տեսանկիւնէ բացասական հետեւանքներ ունի:

Գաղթականութեան հարցին կարելի չէ, պէտք չէ մօտենալ շահախնդրական եւ եսասիրական պատճառաբանութիւններով (նաեւ գաղափարախօսական-քաղաքական), անտեսելով մարդու եւ մշակոյթի բնական զարգացումը անոնց հարազատ միջավայրին մէջ: Աւելի մարդկային եւ առողջ մօտեցում պիտի ըլլար տեղւոյն վրայ ստեղծել աշխատանքի եւ կեանքի բնական զարգացման պայմանները. սնունդի, աշխատանքի, առողջապահութեան, կրթութեան, բարեկեցութեան: Այսօրուան «վայրագ» եւ անիշխանական գաղթականութիւնը հազիւ թէ ոմանց համար բարիք կ’ըլլայ, բայց լքուող եւ ընդունող ընկերութիւններու պարագային ան իր մէջ կը կրէ չարիքի ախտը. հակամարտութիւններ, թշուառութեան շարունակութիւն, հոգեբանական եւ մշակութային: Ինչպէս ըսի, այս հարցերուն գաղափարախօսական ճառով մօտենալ` կացութիւնները կը խճճէ:

Ի հարկէ, միամիտ պէտք չէ ըլլալ: Խուժող գաղթականութեան դրդապատճառներէն մին է, հաւանօրէն չխոստովանուող կարեւորագոյնը, նոյնինքն Եւրոպայի յարաբերութիւնները գաղթականութեան մղող երկիրներուն հետ: Անցեալին, եւ այսօր, անոնց նախանիւթերուն շահագործումը, յաճախ փտած իշխանաւորներու մեղսակցութեամբ, եւ աժան աշխատուժի չարաշահումը հիմնական պատճառներ են:  Երբ Եւրոպայի եւ Միացեալ Նահանգներու արդիւնաբերութիւնը կը փոխադրուի Պանկլատէշ, Հնդկաստան, Չինաստան, Մարոք եւ այլուր, ան նպատակ չունի ժողովուրդներու կենսամակարդակի բարելաւումը, այլ աժան աշխատուժի չարաշահումը: Բարիք չ’ըլլար տեղացիին համար, քանի որ փշրանքներու համար մանուկներ անգամ կ’աշխատին, եւ եւրոպական երկիրներու մէջ արդիւնաբերական ամբողջ հատուածներ կանգ կ’առնեն, աճեցնելով գործազրկութիւնը: Բացասականութիւնները կը գումարուին:

Պարզ է. նպատակ չէ մարդը եւ անոր բարեկեցութիւնը, այլ Պիոս ԺԱ. սրբազան պապին ըսածին պէս` «դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը» (շրջաբերական-նամակ – encyclique Rerum Novarum, 1931): Հետեւաբար, «թուքով կպցրած» լուծումները ոչինչով կը սրբագրեն կացութիւնը, այլ կը վատթարացնեն:

Տարբեր երկիրներէ ներգաղթը եթէ ըստ կարելիութիւններու եւ պահանջի չի կազմակերպուիր, կը դառնայ չարիք ե՛ւ ընդունողին, ե՛ւ ընդունուողին համար: Բազմաթիւ երկիրներէ տեղի ունեցող զանգուածային գաղթերը նկատի ունին ո՛չ կարելիութիւնները, եւ ո՛չ պահանջը: Կ’աճին մեծ քաղաքներու շուրջ կամ կեդրոնը

թշուառութիւնը, բնակարանային վատ պայմանները, առողջապահական ծանրակշիռ հետեւանքներով: Միամտութիւն է հաւատալ, որ ժամանակը պիտի լուծէ հարցերը, նորերը պիտի մերուին հիւրընկալ ընկերութեան, երբ նկատի կ’ունենանք լեզուական, մշակութային, արժէքներու, կրօնական, կենցաղի, եւ ինչու խուսափիլ ճշմարտութենէ, մորթի գոյնի եւ դիմագծութեան տարբերութիւնները: Կրօնը միայն խիղճի հարց չէ, այլ աշխարհը ընկալելու եւ տեսնելու խոր ըմբռնում, որ կը յառաջացնէ յաճախ նաեւ այլամերժութիւն: Անցեալը եւ անմիջական ներկան եթէ դիտենք, փաստերը կը տեսնենք:

Ներգաղթողներու ինքնութիւնը եւ մշակոյթը պէտք է յարգել, բայց ներգաղթողները իրենք պիտի պատշաճին հիւրընկալ երկրի կարգուսարքին եւ օրէնքներուն, առանց ակնկալելու, որ կարգուսարք եւ օրէնքներ պատշաճին ներգաղթողներուն, մանաւանդ երբ անոնք միատեսակ չեն, ունին տարբեր լեզուներ, տարբեր կրօններ, տարբեր բարքեր: Եւրոպայի երկիրները այսօր կը գտնուին այս բարդ կացութեան առջեւ, հակառակ մարդկային իրաւանց իրենց ըմբռնումներուն:

Եւրոպայի ղեկավարութիւնները` գերազանցելով իրենց կուսակցական, քաղաքական, գաղափարախօսական տարբերութիւնները, իրենց պատմութեան եւ մշակոյթներու լոյսին տակ, պիտի կարենա՞ն լուծել բարդացող խնդիրները, առանց օր մը յանգելու նոր տեսակի «կրօնական կամ  մշակութային պատերազմի»: Հարցը գոյութիւն ունի եւ տխմարութիւն է կամաւոր կուրութիւնը: Լուծում գտնելու համար անկեղծ երկխօսութիւն եւ քննարկում (այս անգամ բառին իսկական իմաստով) պէտք է կատարուի, ոչ թէ յաւելեալ իրաւունքի այլ յաւելեալ պատասխանատուութեան ըմբռնումով:

Այս ներգաղթ-արտագաղթի հարցը, մեր ժողովուրդի պարագային, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ ընկերային, ո՛չ տնտեսական, ո՛չ մշակութային եւ ո՛չ ալ ազգային ազդակներու լոյսին տակ կը քննուի: Ան խուճապային է, միաժամանակ` մարդորսական: Այս հարցին անմիջականօրէն կ’առնչուի Հայաստանի դատարկուող շրջաններու եւ Արցախի վերաբնակեցման հարցին, այսինքն` հայրենադարձութեան կազմակերպման: Բայց այս ցանկութիւնը ճառով չի սկսիր եւ ճառով չ’աւարտիր, հայրենասիրական քարոզն ալ հազիւ կը համոզէ քանի մը հոգի: Արդիւնաբերութիւնը պէտք է կազմակերպել: Այդ ալ ընելու համար հոգեբանական յեղափոխութիւն պէտք է յառաջացնել, որպէսզի Հայաստանի եւ արտասահմանի դրամատէրերը օգտակար ներդրումներ կատարեն, որքան որ կարելի է, համադրուած ձեւով: Հայաստան ժամացոյց կ’արտադրէ, քիչ նախանիւթ պահանջող արտադրութիւն մը: Նոյնատեսակ նախաձեռնութիւններ կարելի է ունենալ: Արցախի մէջ կարելի է արդի պահանջներուն գոհացում տուող հողամշակութիւն զարգացնել, «կենսաբանական» (biologique կամ organique): Ռէիւնիոն կղզիին վրայ, Հնդկաց ովկիանոսին մէջտեղը, աշխատանք պահանջող եւ սուղ

վաճառուող հողամշակութիւն կայ, «վանիյ» (vanille): Մասնագէտներ կրնան ուսումնասիրել կլիման ու հողը եւ ճշդել արժէք բերող մշակութիւնները: «Վանիյ» կամ շաքարեղէգ արտադրողները ոչ խեղճ էին, ոչ թափթփած:

Հայրենադարձութիւն եւ տնտեսական կազմակերպութիւն-զարգացում Հայաստանի եւ Արցախի հողին համար, ոչ միայն Երեւանի, որպէսզի երկիրը հզօրանայ, ծրագրում ոչ թէ անմիջականի համար, այլ գալիք տասնամեակներու: Արդիւնքը պէտք է ըլլայ վերադարձը, փոխան աղէտ-արտագաղթի:

Խիստ ուշագրաւ էր Բագրատ Էսդուկեանի (Պոլսոյ «Ակօս» թերթի հայերէն բաժնի խմբագիր) խօսքը, հայ հողին եւ վերադարձին մասին: Կ’արժէ կարդալ եւ կրկին կարդալ.

«Մենք հողային պահանջներ ունենք Թուրքիայից, որովհետեւ սա իմ երկիրն է, որ մոռացւում ու անտեսւում է, սա պատմական Հայաստանն է, Հայկական բարձրաւանդակը, որը այսօր պաշտօնապէս կոչւում է Արեւելեան Անատոլիա: Ես պիտի պահանջեմ, որ այդ տեղը կոչուի իր անունով` Արեւմտեան Հայաստան, Հայկական բարձրաւանդակ, Մեծ Հայք (ընդգծ. Յ. Պ.)

«Հայաստանից ակնկալում ենք, որպէսզի այն ծաղկի եւ ուրիշ ոչինչ: Մենք շատ երկար տարիներ շատ բան ակնկալեցինք Հայաստանից, երբ որ այդ ժամանակը խորհրդային էր ու մեր մշակութային սնունդը պիտի գար Հայաստանից: …Հիմա Հայաստանը արդէն հասանելի տեղ է, մեր քաղաքից շաբաթը երկու անգամ ուղիղ թռիչք կայ… Այն ժամանակ մենք եւ Հայաստանը հեռու հարեւաններ էինք: Ու երբ իմանում էինք, թէ Հայաստանում Կոմիտասի գործերի ամբողջական ժողովածուն հրատարակուել է, մեծ տանջանք էինք ապրում այն ձեռք բերելու համար կամ սովետական հանրագիտարանը ունենալու համար ծանր տառապանք կ՛ապրէինք: …Մենք ուզում ենք, որ օլիգարխների փոխարէն աւելի ժողովրդավար մարդիկ գան իշխանութեան, որ մարդիկ աւելի ուրախ ու երջանիկ լինեն»:

Հայրենադարձութեան մասին հարցումին պատասխանելով` իր հողին վրայ ապրող հայու գիտակցութիւնը ունի Բ. Էսդուկեան: …«Մենք այստեղ էլ մեզ հայ կը զգանք: Այդ բանը ես խորհուրդ կը տամ Ամերիկայում կամ այլուր ապրող հայերին. թող իրենք իրենց ապագան տեսնեն Հայաստանում. մենք արդէն Հայաստանում ենք» (ընդգծ. Յ. Պ.): Ամբողջական քաղաքական «փիլիսոփայութիւն» մը, որ ոչ «տուրիզմ» է ոչ աւելի լաւ ապրելու իրաւունքով արտագաղթ:

Հարցում.

Հայ քաղաքական միտքը պիտի սնանի՞ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅԱՍՏԱՆի ապագայով: Զարթօնքը պիտի գայ հողին վրայ տեւած Բագրատ Էսդուկեաններէ՞:

Որպէսզի համաշխարհայնացման եւ սպառողական ընկերութեան զոհ չերթան ո՛չ Հայաստանները, ո՛չ ալ ազգը, եւ ջուր չծեծենք ըսելով` որ «մենք համաշխարհային ազգ ենք»:

 

4 յունուար 2014, Նուազի-լը-Կրան

 

Share this Article
CATEGORIES