Սպանիա Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում Մը Պիտի Կատարէ Իտալիոյ Դէմ` Մատրիտի Մէջ

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրին ֆութպոլի ազգային խումբը 5 մարտին բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Իտալիոյ դէմ` Մատրիտի մէջ:

Աթլեթիքօ Մատրիտի «Քալտերոն» դաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս մրցումը Սպանիոյ համար պիտի ըլլայ վերջին բարեկամական մրցումը` նկատի ունենալով, որ Վիչենթէ Տել Պոսքէ այս մրցումէն ետք պիտի հրապարակէ իր վերջնական կազմը, որ պիտի մեկնի Պրազիլ` մասնակցելու համար 2014-ի Մոնտիալին:

Այս մրցումը անոնց միջեւ պիտի ըլլայ 33-րդ հանդիպումը: Իտալիա արձանագրած է 10 յաղթանակ, Սպանիա` 9, մինչ 13 մրցում աւարտած է հաւասարութեամբ:

Աշխարհի ախոյեան Սպանիա 13 յունիսին Մոնտիալի բացման իր մրցումը պիտի կատարէ Հոլանտայի դէմ:

Սպանիա, որ մաս կը կազմէ Բ. խմբակին, այնուհետեւ յաջորդաբար պիտի մրցի Չիլիի (18 յունիս) եւ Աւստրալիոյ (23 յունիս) դէմ:

Share this Article
CATEGORIES