Արուեստով Յագեցած Զրոյց Արա Օշականի Հետ

oshaganԵրկու տարբեր ծրագիրներով` սուրիահայութիւնն ու իր ծննդավայրը նկարելու նպատակով Լիբանան գտնուող արուեստագէտ, լուսանկարիչ, նկարչական ուրոյն ոճ եւ մօտեցում ունեցող Արա Օշականի հետ կատարուեցաւ մտերմիկ եւ հետաքրքրական զրոյց մը «Ազդակ»-ի «Արսէն Չաղլասեան» ժողովասենեակին մէջ: Արա Օշական անդրադարձաւ իր կատարած աշխատանքներուն, հրատարակած գործերուն, խօսեցաւ արուեստի նկատմամբ իր մօտեցումին մասին, ներկայացուց իր եւ հօր` Վահէ Օշականի միացեալ ծրագիրը, որ կենդանացաւ եւ մարմին ստացած «Հայրենի հող» խորագրեալ լուսանկարներու եւ գրութիւններու համադրումը եղող գիրքին մէջ: Հետաքրքրական էր լսել, թէ ի՛նչ կը մտածէ գրականութեան տիտաններէն Յակոբ Օշականի թոռը եւ բանաստեղծ¬գրագէտ Վահէ Օշականի որդին իրեն ձգուած բարոյական ու գրական ժառանգութեան մասին ու գիտնալ, թէ այս առնչութեամբ ի՛նչ հեռանկարներ ունի: Ան նաեւ խօսեցաւ Լիբանանէն, լիբանանահայութենէն իր ունեցած տպաւորութեան մասին, լուսարձակի տակ առաւ Լիբանան հաստատուած սուրիահայերը նկարելու, անոնց մասին տեղեկութիւններ հաւաքելու աշխատանքին հետապնդած նպատակը:

Հարցազրոյցը վարեց «Ազդակ»-ի պատասխանատու խմբագիրներէն Նորա Բարսեղեան: Զրոյցին տեսերիզը յառաջիկայ օրերուն պիտի զետեղուի «Ազդակ»-ի կայքին վրայ, իսկ աւելի ուշ պիտի հրատարակուի «Ազդակ»¬ի էջերով:

Share this Article
CATEGORIES