12-21 Յունուարին. Հայաստանի Ճատրակի Տղոց 74-րդ Ախոյեանութիւնը

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ նշեց, որ 12-21 յունուար 2014-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի տղոց 74-րդ ախոյեանութեան բարձրագոյն խումբի ճատրակի մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ տասը կրանտմասթըրները:

Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Հրանդ Մելքումեան, Զաւէն Անդրէասեան, Արման Փաշիկեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Կարէն Գրիգորեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան, Աւետիք Գրիգորեան, Լեւոն Փապուճեան եւ Տիգրան Քոթանճեան:

Մրցումները պիտի սկսին ժամը 15:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:

Share this Article
CATEGORIES