Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն («Ֆայնըլ-Ֆոր»). Լիբանանեան Բանակը Եւ Սատաքա Հաւասարեցուցին Արդիւնքը
Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, Լիբանանեան բանակը եւ Սատաքա իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ յաջողեցան արդիւնքը 1-1 հաւասարեցնել:
Լիբանանեան բանակը, որ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի դրամատունը, 5-2 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Առաջին մրցումին Լիբանանեան բանակը 4-3 արդիւնքով պարտուած էր:
Իր կարգին, Լիբանանի ախոյեան Սատաքա յաջողեցաւ արդիւնքը 1-1 հաւասարեցնել, երբ 4-2 արդիւնքով յաղթեց Ղըպէյրիի` երկարաձգումէն ետք:
«Ֆայնըլ-ֆոր»-ի աւարտին այժմ մնացած է մէկ հանգրուան: Յաղթանակ արձանագրող խումբերը կ՛ապահովեն աւարտականի իրենց տոմսերը:
Այդ երկու մրցումները տեղի պիտի ունենան այսօր` ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ.
| ԺԱՄ | ԴԱՇՏ | |
| Պէյրութի դրամատուն – Լիբանանեան բանակ | 19:00 | Էմիլ Լահուտ |
| Սատաքա – Ղըպէյրի | 19:00 | Սատաքա |
CATEGORIES Մարզական

