Սպարտակ Չ՛ուզեր Բաժնուիլ Մովսիսեանէն
Անցնող քանի մը օրերուն, ռուսական մարզական լրագրողներ մէջբերումներ կատարելով գերմանական մամուլէն յայտնեցին, որ Վոլֆսպուրկ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ իր կազմին միացնելու Սպարտակ Մոսկուայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Եուրա Մովսիսեանը:
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ գերմանացիները պատրաստ են անոր փոխանցման համար վճարելու 7,5 միլիոն եւրօ:
Սակայն ռուսական ակումբը կտրուկ կերպով մերժած է գերմանական կազմին առաջարկը` ըսելով, որ անոր փոխանցման համար 7,5 միլիոն եւրոն բաւական քիչ է:
Նշենք, որ Մովսիսեան դեկտեմբեր 2012-ին Քրասնոտարէն միացաւ Սպարտակին:
Ներկայիս ան իր կազմէն կը գանձէ 3 միլիոն ամերիկեան տոլար (նայած` իր կազմին հետ իր ունեցած ներկայացումներուն):
CATEGORIES Մարզական

