Եւրոպական Միութիւնը Կրնայ Վերածուիլ Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու

EUԲրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վիվիան Ռետինկ, որ Պրիւքսելի մէջ ամէնէն ազդեցիկ պաշտօնատարներէն է, առաջարկած է Եւրոպական Միութիւնը վերածել Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու:

Ռետինկ ընդգծած է, որ «Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու ստեղծումը լաւագոյն զէնքը պիտի ըլլայ «եւրոսկեպտիկներուն» դէմ»:

Ռետինկ կոչ ուղղած է Եւրոպայի Միացեալ Նահանգներու ստեղծման հարցը ներառելու 2014-ի գարնան Եւրոպական Միութեան մէջ տեղի ունենալիք ընտրութիւններու օրակարգին վրայ:

Փոխնախագահի այս տեսակէտը, որուն համաձայն են բազմաթիւ եւրոպացի պաշտօնատարներ, այն է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերածուի գերտէրութեան, ուր ազգային կառավարութիւններու եւ խորհրդարաններու դերն ու նշանակութիւնը պիտի հասցուի նուազագոյնին:

Ըստ Ռետինկի նախագիծին, Եւրոպական յանձնաժողովը պէտք է ունենայ գերագոյն իշխանութիւն անդամ երկիրներու կառավարութիւններուն նկատմամբ, իսկ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններն ալ` երկիրներու խորհրդարաններու անդամներուն նկատմամբ:

 

Share this Article
CATEGORIES