Քանատայի Թուրքերը Կը Պահանջեն Դասագիրքերէն Հանել Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերող Ակնարկները

Քանատայի մէջ թրքական համայնքի ցոյցը

Քանատայի մէջ թրքական համայնքի ցոյցը

Քանատայի թրքական միութիւններու դաշնակցութիւնը կը պահանջէ Թորոնթոյի դպրոցներուն մէջ գործածուող դասագիրքերէն հանել Հայոց ցեղասպանութեան ակնարկները:

«Թըրքիշնի» կայքը կը հաղորդէ, որ change.org կայքին վրայ տեղադրուած դիմումնագիրին մէջ կը նշուի, որ 2008-էն մինչեւ հիմա գործող դասագիրքերուն մէջ հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան մասին նիւթերը վատ կ՛ընկալուին թուրք եւ թրքական արմատներ ունեցող աշակերտներուն կողմէ: Անոնք կը պնդեն, որ դասագիրքերուն մէջ ներկայացուած են միայն հայկական կողմի տեսակէտները:

Թուրք ընտանիքները change.org կայքին վրայ ստորագրահաւաքի սկսած են` «դասագիրքերուն մէջ այդ խտրական, թուրքերուն նկատմամբ թշնամանք յառաջացնող նիւթերը հանելու վերաբերեալ»: Անոնք առաջարկած են վերջ տալ հայերու, ասորիներու եւ յոյներու հետ տեղի ունեցածը ցեղասպանութիւն անուանելուն:

Share this Article
CATEGORIES