Խամենէի.«Հիւլէական Հարցին Շուրջ Բանակցութիւնները Ապացուցած Են Իրանի Նկատմամբ Ամերիկայի Թշնամական Վերաբերմունքը»

Այաթոլլա Ալի Խամենէի
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի Միացեալ Նահանգները մեղադրած է Իրանի եւ բոլոր իսլամներուն նկատմամբ թշնամութեան համար:
«Հիւլէական հարցին շուրջ բանակցութիւնները արդէն ապացուցած են Իրանի, իրանցիներու, իսլամական կրօնի եւ իսլամներու նկատմամբ Ամերիկայի թշնամական վերաբերմունքը», ըսած է ան:
«Մենք նախապէս ալ յայտարարած ենք, որ երբ մեզի ձեռնտու է, պատրաստ ենք նոյնիսկ սատանային հետ բանակցութիւններու, որպէսզի հեռու պահենք չարիքը», ընդգծած է Խամենէի:
Իրանեան «Փրես Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Խամենէի նշած է, որ «Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը աշխարհի մէջ մեծագոյն մարդկային իրաւունքներ ոտնահարողն է»` աւելցնելով, որ «անոնք մարդկային իրաւանց մասին խօսելու իրաւունք չունին»:

