Փութին-Ռուհանի Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Փութին եւ Ռուհանի

Փութին եւ Ռուհանի

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով Քրեմլինի մամլոյ ծառայութիւնը, կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած է Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերող հարցեր եւ Սուրիոյ հարցով «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովին պատրաստուելու հարցը:

«Քննարկուած են տարբեր մարզերու մէջ երկկողմանի փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացման առնչուող հարցեր, ինչպէս նաեւ արդի միջազգային խնդիրներ, ներառեալ` Սուրիոյ մէջ կացութիւնը եւ իրանեան հիւլէական ծրագիրին շուրջ համաձայնութիւններու իրականացումը», կը նշուի Քրեմլինի հաղորդագրութեան մէջ:

Սուրիոյ վերաբերեալ միջազգային խորհրդաժողովը նախատեսուած է կայացնել 22 յունուարին Զուիցերիոյ Մոնթրէօ քաղաքին մէջ:

Իրանի մասնակցութեան վերաբերեալ տակաւին որոշում գոյութիւն չունի:

 

Share this Article
CATEGORIES