Ըստ «Իհլաս»-ի. Հայկական Եւ Թրքական Պատուիրակութիւններ Քննարկած Են Հայաստան-Թուրքիա Սահմանին Առնչուող Հարցեր

SahmanԹրքական «Իհլաս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին վրայ գտնուող Արփաչայ, Աքիաքա եւ Տիկոր շրջաններու գիւղապետներէ ու թուրք սահմանապահներէ բաղկացած պատուիրակութեան եւ Հայաստանի սահմանապահ մարմիններու միջեւ Գիւմրիի մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցած է:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են սահմանի խախտումներուն, անոնց կանխարգիլման, անասուններու մօտ տարածուած հիւանդութիւններուն, անասուններու գողութիւններուն եւ սահմանաքարերուն առնչուող հարցեր:

Հանդիպումին ընթացքին ամփոփուած են 2013-ին տեղի ունեցած աշխատանքները եւ քննարկուած է 2014-ին իրականացուելիք աշխատանքներու օրակարգը:

Հանդիպումին ընթացքին թրքական կողմը յիշեցուցած է 31 յուլիս 2013-ին սահմանը կտրած եւ սպաննուած թուրք հովիւին հարցը եւ նշած, որ հարցը պիտի շարունակեն արծարծել միջազգային բեմերէ:

Համաձայնութիւն գոյացած է յաջորդ հանդիպումը մարտ 2014-ին կատարելու:

Share this Article
CATEGORIES