Թուրքիոյ Մէջ Փտածութեան Հարց. Դատախազը Էրտողանը Կը Մեղադրէ Իրեն Սպառնալու Համար

Զաքարիա Էօզ
Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ մէջ պաշտօնազրկուած է դատախազ Զաքարիա Էօզը, որ արտօնած էր «փտածութեան գործ»-ի ծիրին մէջ նախարարներու որդիներուն ձերբակալութիւնները:
Նախապէս, Թուրքիոյ դատախազներու խորհուրդը սկսած էր քննել հինգ դատախազներու գործը, ներառեալ` Զաքարիա Էօզինը, որ տուած էր բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ գործարարներու ձերբակալման հրամանը:
«Սի.Էն.Էն.Թիւրք» կը հաղորդէ, որ Էօզ յայտարարած է, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր մօտ ուղարկած է երկու մարդիկ, որոնք սպառնացած են իրեն` պահանջելով դադրեցնել կառավարութեան դէմ սկսած հետաքննութիւնը:
«Ըսին, որ հակառակ պարագային հետեւանքները ինծի համար չափազանց ծանր պիտի ըլլան», ըսած է Էօզ:
Էրտողան դատախազին ամբաստանութիւնները անմիջապէս հերքած է, զանոնք կոչելով «սուտեր եւ ցեխարձակում»:
Իշխող Կուսակցութենէն Երեսփոխան Մը
Էօզի Ճակատագիրը Իր Տան Մէջ
Մեռած Գտնուած Դատախազին Կը Նմանցնէ
Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն երեսփոխան Ալի Աշլըք յայտնած է, որ դատախազ Զաքարիա Էօզի ճակատագիրը անցեալ տարի փտածութեան ենթադրութիւններու շուրջ հետաքննութեան ձեռնարկելէ ետք իր տան մէջ մեռած գտնուած դատախազի մը կը նմանի:
«Թրքիշ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Աշլըք 8 յունուարի գիշերը «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Դատախազ Էօզ իր վախճանը պիտի պատրաստէ, ճիշդ ինչպէս դատախազ Մուրաթ Կէօք ըրաւ: Ի՞նչ էր ասացուածքը. «Տառապողներու նկատմամբ սխալ մի գործեր, ատիկա քեզի պիտի վերադառնայ»:
Կէօք Իզմիրի շարք մը քաղաքապետարաններու մէջ փտածութեան հարցով շարք մը հետաքննութիւններու ձեռնարկած էր, որմէ ետք պաշտօնազրկուած էր եւ ապրիլ 2013-ին նշանակուած` Սամսոն նահանգի դատախազ: 12 ապրիլին անոր դիակը բարեկամի մը կողմէ յայտնաբերուած էր Սամսոնի բնակարանին մէջ: Կէօքի թոքերը լաւ չէին աշխատեր եւ դարմանումի կ՛ենթարկուէր: Նոյեմբեր 2013-ին հրապարակուեցաւ դիազննութեան եզրակացութիւնը, ըստ որուն, անոր մահը «բնական» պատճառներով էր:

