Լաւրով Եւ Քերրի Փարիզի Մէջ Պիտի Շարունակեն «Ժընեւ-2»-ի Նախապատրաստական Աշխատանքները

Քերրի եւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ցաւ յայտնեց, որ սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը կը շարունակէ նախապայմաններ ներկայացնել` աւելցնելով, որ ռուսական կողմը «Ժընեւ-2»-էն առաջ սուրիական կողմերուն հետ բարձր մակարդակի շարք մը հանդիպումներ պիտի ունենայ:
Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Փարիզի մէջ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի նախապատրաստութեան միացեալ աշխատանքները շարունակելու համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Միւս կողմէ, թրքական «Սապահ» օրաթերթի կայքը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտը հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ օդուժը ռմբակոծած է Սուրիոյ սահմանին վրայ գտնուող Քայիտա խմբաւորման զինեալները` ի պատասխան հոնկէ արձակուած հրասանդի հրթիռներու:
Երէկ առաւօտեան նշեալ զինեալները, որոնք տեղակայուած են թուրք-սուրիական սահմանի սուրիական հատուածին մէջ, ռմբակոծած են թրքական Աքչաքալէ բնակավայրը:
Ռմբակոծման պատճառով մարդկային վնասներ չեն արձանագրուած:

