Պոլսոյ Մէջ. Քիւրտ Գործիչներու Սպանութեան Առիթով Բախումներ` Ցոյցի Մը Ընթացքին

Kurds protest in TurkeyԱՖՓ կը հաղորդէ, որ երէկ Պոլսոյ մէջ բուռն բախումներ տեղի ունեցան թրքական ոստիկանութեան եւ հարիւրաւոր անձերու միջեւ, որոնք հաւաքուած էին նշելու համար Փարիզի մէջ մէկ տարի առաջ սպաննուած քիւրտ կին գործիչներու յիշատակը:

500-600 քիւրտ ցուցարարներ, ներառեալ` շարք մը երեսփոխաններ Պոլսոյ Կալաթասարայ դպրոցին առջեւ հաւաքուեցան` բացագանչելով երեք զոհերուն համար «Արդարութիւն կ՛ուզենք» կարգախօսը: Քիւրտ գործիչներուն սպանութեան դրդապատճառները տակաւին անյայտ կը մնան:

9 յունուար 2013-ին ՔԱԿ-ի հիմնադիրներէն Սաքինէ Ճանսըզ, ինչպէս նաեւ քիւրտ գործիչներ Ֆիտան Տողան եւ Լէյլա Սէօյլեմեզ Փարիզի քրտական կեդրոնին մէջ սպաննուեցան:

Share this Article
CATEGORIES