Պէյրութի Գետէն Ետք Կոկորդիլոսներու «Շառաւիղը» Կը Տարածուի Մինչեւ Պընթ Ժպէյլ
Վերջերս վերարծարծուած` Պէյրութի գետին մէջ կոկորդիլոսներու գոյութեան գծով լուրերէն ետք, Պընթ Ժպէյլի Հարիս աւանի ձկնորսներէն Ղասսան Մուհսեն երէկ անակնկալի մատնուած է, երբ ձուկի փոխարէն աւելի քան մէկուկէս մեթր երկարութեամբ կոկորդիլոս մը որսացած է:
Կոկորդիլոսը, որ կը «սնանէր» շրջանի աղբակոյտէն, կը թուի, թէ ուզած էր Պէյրութ գետի մէջ «նկատուած» կոկորդիլոսներու շառաւիղը տարածել նաեւ Պընթ Ժպէյլի մէջ:
Յայտնենք, որ լրատուական միջոցներ նախանցեալ օր յայտնեցին, որ վերջերս Պէյրութի գետին մէջ «երեւցած» կոկորդիլոսը վերստին նկատուած է Պուրճ Համուտէն անցնող նշեալ գետի եզերքին ձկնարանին մօտ:
Պատկան մարմիններ փութացին նշեալ վայրը` անհրաժեշտ միջոցառումներու ձեռնարկելով:
CATEGORIES Լիբանանեան

