Հակառակ Պաապտայի Եւ Վարչապետարանի Լաւատեսութեանց. Կառավարութեան Կազմութիւնը Առկախուած Է` Սպասելով Սէուտական Արաբիոյ Եւ Ժընեւի Արդիւնքներուն

Հակառակ վերջին օրերու լաւատեսութեանց, կարգ մը մեկնաբաններ անհաւանական կը նկատեն կառավարութեան մօտալուտ կազմութիւնը` սպասելով Սէուտական Արաբիոյ կեցուածքի վճռումին եւ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովի արդիւնքներուն:

Նոյն աղբիւրները, իրենց տեսակէտը կը հիմնաւորեն Մարտ 8-ի թէ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ներկայացուցած պայման-առաջարկներուն վրայ:

Share this Article
CATEGORIES