«Ժընեւի Մէջ Միջազգային Ընկերութենէն Պիտի Պահանջենք Կատարել Իր Պարտականութիւնը` Ահաբեկչութեան Սանձումին Գծով» Ըսաւ Ատնան Մանսուր

Ատնան Մանսուր

Ատնան Մանսուր

«Պէտք չէ թերագնահատել ահաբեկչութեան իրողութիւնը, որ տագնապալի կացութեան մատնած է շրջանի կարգ մը երկիրները», յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր երէկ` ընդգծելով, որ «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին ու զայն կանխող արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին Լիբանան պիտի պահանջէ վերջ տալ ահաբեկչութեան սաստկացող հոսանքին եւ օգնել սուրիացի գաղթականներու տեղակայման ճիգերուն, որովհետեւ Լիբանան այլեւ անզօր է «ընդունելու» հազարաւոր գաղթականներու խումբերը:

Նոյն ծիրին մէջ, Մանսուր վերահաստատեց, որ Իրան կը ջանայ միջամտել ու բարւոք լուծում բերել Լիբանանի հրատապ հարցերուն: «Կը թուի, թէ Իրան չէ հրաւիրուած «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովին, սակայն այդ չի նշանակեր, թէ խորհրդաժողովէն դուրս Իրան անզօր է միջամտելու եւ օգնելու Լիբանանին», աւելցուց Մանսուր:

Միւս կողմէ, Մանսուր յայտնեց, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաուատ Զարիֆի Լիբանան այցելութիւնը (որ կը նախատեսուի 13 յունուարին) նախապէս որոշուած էր եւ կապ չունի Մաժետ Մաժետի մահուան հետ: Մանսուր աւելցուց, որ իրանցի իր պաշտօնակիցին հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու կնքուած համաձայնութիւններն ու փրոթոքոլները: 1997-էն ի վեր 28 համաձայնագիր կնքուած է Իրանի հետ:

Share this Article
CATEGORIES