Փորձելով Կանխարգիլել Ապահովական Որեւէ Դէպք. Պատկան Կողմեր Աչալուրջ Կը Հսկեն Երկրի Անդորրութեան Ամրապնդման
Փորձելով կանխարգիլել ապահովական որեւէ միջադէպ, որ կրնայ կացութիւնը վատթարացնել, ապահովական պատկան մարմիններ Լիբանանի զանազան շրջաններուն մէջ կը հսկեն դէպքերու բնականոն ընթացքին, կազմ ու պատրաստ` կանխարգիլելու խափանարար որեւէ արարք: Ասիկա շեշտուեցաւ առաւելաբար` ականուած ինքնաշարժներու գոյութեան մասին լուրերով:
Այս ծիրին մէջ ապահովութեան պատկան մարմիններ երէկ Պէյրութի արեւմտեան սահմանագիծին կից Քորնիշ Մազրաայի շրջանին մէջ խուզարկեցին «Մերսետես» տիպի կասկածելի թուող ինքնաշարժ մը, որ սակայն զերծ էր որեւէ ականէ կամ պայթուցիկ նիւթէ: Երբ մասնագէտներ փորձեցին ինքնաշարժին սնտուկը «բռնի կերպով» բանալ, հզօր ձայն մը սարսափի մատնեց Ապտել Նասեր մզկիթի մերձակայ մարդիկը:
Նմանապէս, յետ քննութեան ի յայտ եկաւ թէ Թրիփոլիի Ժապալ Մըհսեն շրջանին մէջ կասկածելի յայտարարուած «Մերսետես 230» տիպի կապոյտ ինքնաշարժ մը գողցուած է իր սուրիացի սեփականատէրէն:
Իսկ հարաւային Լիբանանի Սալիհիէ շրջանին մէջ բանակն ու պատկան մասնագէտներ փութացին վնասազերծել 175 եւ 181 մմ տարողութեամբ երկու հրթիռներ, որոնք սակայն արձակումի համար լարուած չէին: Քննութիւն բացուած է ստուգելու համար զանոնք հոն «զետեղող» կողմերը:
Պաալպեքի Ուտուս շրջանին մէջ բանակային ուժեր միջամտեցին եւ հանդարտեցուցին Պեքաայի Իսմայիլ եւ Համմուտ ընտանիքներուն միջեւ ծագած զինեալ կռիւները, որոնց պատճառով Համմուտ ընտանիքէն երիտասարդ մը վիրաւորուած էր երէկ:
Իսկ Պաալպեքի Պրիթել մայրուղին կարճատեւ փակումէ ետք ապահովական ուժերու միջամտութեան շնորհիւ վերաբացուեցաւ երէկ` հանդարտեցնելէ ետք շրջանի բնակիչները, որոնք եկած էին բողոքելու շինութեանց արտօնագիրները ներքին գործոց նախարարութեան ու յատկապէս քաղաքապետութեանց լիազօրութեամբ սահմանափակելու որոշումին դէմ:
Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ սուրիացի հինգ արգելափակեալներ մեղադրեց Ժապհաթ Նուսրայի եւ ահաբեկչական զինեալ կազմակերպութեան մը անդամակցութեան յանցանքով: Պետութեան գերիշխանութիւնը վարկաբեկող եւ ահաբեկչական արարքներու միտող նման յանցագործներ կրնան, ըստ օրինական աղբիւրներու, մահավճիռ ստանալ: Դատախազ Սաքըր յանցագործներու թղթածրարը փոխանցեց Զինուորական հետաքննիչ ատեանի առաջին դատախազին:
Լիբանանեան բանակը նաեւ ձերբակալած է հետապնդման 15 հրամանագիրներով փախստական Հիւսէյն Հուժէյրին: Ան նաեւ պատասխանատու կը նկատուի վերջերս Յովհաննէս Ֆօսեանի առեւանգումի դէպքին:

