Շարունակուող Ճիգերու Լոյսին Տակ. Լաւատեսներ Խիստ Մօտալուտ Կը Նկատեն Կառավարութեան Կազմութիւնը
Լիբանանեան «համախոհ» թէ «հակադիր» կողմերու ներկայացուցիչներուն մօտ վերջին օրերուն թափ առած կառավարութեան կազմութեան ջանքերը երէկ շարունակեցին առանցքը կազմել պետական թէ կուսակցական անձնաւորութիւններու քաղաքական խորհրդակցութեանց: Լաւատես կողմեր մեծ յոյսեր կը կապեն կառավարութեան մօտալուտ կազմութեան գծով, ինչ որ կրնայ մեկնակէտ ըլլալ քաղաքացիներու հրատապ հարցերու, յատկապէս ապահովական մտավախութեանց հարթումին եւ անմիջական կնճռոտ հարցերու լուծման: Ոմանք նոյնիսկ մաղթեցին, որ յառաջիկայ երկուշաբթի Մոհամետ մարգարէի ծննդեան տօնին արձակուրդը «աւետէ» նոր կառավարութեան անդամներուն անունները:
Այս ծիրին մէջ, տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք երէկ յետմիջօրէին խիստ արդիւնաւէտ ու լաւատես որակեց հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ իր հանդիպումը, որուն ընթացքին Միքաթի յոյս յայտնած է դրական արդիւնքներու յանգիլ յառաջիկայ քանի մը օրերուն:
Ընկերվար-յառաջդիմական կուսակցութեան բանբեր Ռամի Ռայիս նշեց, որ կուսակցութեան բանբեր Ռամի Ռայիս նշեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ձեռնարկած է քուլիսային աշխուժ ճիգերու մէկէ աւելի մակարդակներու վրայ` դրական եզրայանգումի հասնելու համար կառավարութեան կազմութեան գծով: Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, նշանակեալ թէ հրաժարեալ վարչապետներ Թամմամ Սալամի թէ Նեժիպ Միքաթիի, Մուսթաքպալ հոսանքի, Հըզպալլայի թէ քաղաքական զանազան կողմերու հետ Ժոմպլաթի քուլիսային «մագոգային» ճիգերուն լոյսին Ռայիս հաստատեց, որ երկիրը կը գտնուի դրական հանգրուանի սեմին: «Կառավարական տագնապէն դուրս գալու լուրջ առիթի մը առջեւ կը գտնուինք», ընդգծեց Ռայիս:
Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, այս շաբաթավերջը կը բաժնէ հրաժարեալ թէ նշանակելի կառավարութիւններուն իրողութիւնը: «Ժումհուրիա», որ կը հաղորդէ լուրը, կ՛աւելցնէ, թէ ըստ Սալամի մօտիկ աղբիւրներուն, շաբաթավերջէն առաջ տիրող իրավիճակը նոյնը պիտի չըլլայ շաբաթավերջէն ետք` մեծ յոյսեր կապելով Սալամ-Սինիորա հաւանական մօտալուտ հանդիպումի արդիւնքներուն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքը երէկ շաբաթական իր ընթացիկ նիստին վերահաստատեց իր նախանձախնդրութիւնը համապարփակ կառավարութեան կազմութեան ճիգերու դիւրացման գծով: «Կատարուած իրողութեան կառավարութիւնը ապօրինի է եւ կը հակասէ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն», ընդգծեց ժողովականներու հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան պլոքի անդամ երեսփոխան Էլի Մարունի իր կարգին լաւատեսութեամբ արտայայտուեցաւ կառավարութեան կազմութեան գծով` նշելով, որ «այս ուղղութեամբ տարուող ճիգերը կ՛աւետեն, թէ անոր «ծնունդը» մօտալուտ է»:
«Սաութ Լուպնան» ձայնասփիւռի կայանին համաձայն, երեսփոխան Նուհատ Մաշնուք երէկ Փարիզ մեկնած է` նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ խորհրդակցելու համար կառավարութեան կազմութեան հարցին շուրջ:
Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեսփոխան Հատի Հպէյշ ձայնասփռուած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ նախագահ Սլէյման առաւելագոյնը տասը օրուան պայմանաժամ տուած է կառավարութեան կազմութեան գծով: Այլապէս Սլէյման պիտի վերադառնայ չէզոք կառավարութեան ընտրանքին, ըստ Հպէյշի:
Նաեւ` Դիւանագիտական Մակարդակի Վրայ
Կառավարութեան կազմութեան գծով խորհրդակցութիւններն ու անոնց ընկերացող դրական մթնոլորտը երէկ տիրական էին նաեւ դիւանագիտական շրջանակներու ծիրին մէջ կայացող հանդիպումներուն ընթացքին:
Այս իմաստով Իտալիոյ դեսպան Ժոզեփ Մորապեթօ վերահաստատեց իր երկրի զօրակցութիւնը Լիբանանի գերիշխանութեան ու կայունութեան ամրապնդման` մաղթելով, որ լիբանանեան քաղաքական ուժեր յանգին ի սպաս լիբանանցի ժողովուրդին շահերուն գործող, արդիւնաւէտ կառավարութեան մը կազմութեան: Նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ իր հանդիպումի աւարտին կատարած իր յայտարարութեան ընթացքին Իտալիոյ դեսպանը նշեց, որ խորհրդակցութիւնները ընդգրկած են նաեւ անցնող դեկտեմբերին Իտալիոյ վարչապետին Պէյրութ կատարած այցելութեան արդիւնքները եւ յատկապէս իտալական ջոկատի մասնակցութիւնը հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղարար ուժերուն:
«Եգիպտոս տրամադիր է իր կարելին ընելու` դէմ ցցուող խոչընդոտները», յայտարարեց Եգիպտոսի դեսպան Աշրաֆ Համտի երէկ` նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ իր տեսակցութեան աւարտին: Եգիպտոսի դեսպանը աւելցուց նաեւ, որ Սալամի կազմել փորձած կառավարութիւնը մեծ մարտահրաւէրներ պիտի դիմագրաւէ յառաջիկայ հանգրուանին:
Շրջանային ու միջազգային մայրաքաղաքներ (Ռիատ, Փարիզ, Մոսկուա, Ուաշինկթըն եւ այլն) լուսարձակէ հեռու աշխուժ խորհրդակցութիւններու լծուած են` հեռու պահելու համար Լիբանանը սուրիական «հրդեհ»-էն եւ նպաստելու բարւոք լուծում մը գտնելու Լիբանանի սահմանագրական ժամկէտներու իրագործման, կառավարութեան կազմութենէն մինչեւ նախագահական ընտրութիւնը: «Տիար» օրաթերթը հաւաստի աղբիւրներու վերագրելով իր տեղեկութիւնները կ՛աւելցնէ, որ նշեալ կողմերը լիայոյս են սուրիական տագնապի մօտալուտ «մեղմացման», որ իր կարգին դրականօրէն պիտի անդրադառնայ լիբանանեան իրավիճակին վրայ:
Նմանապէս, հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի մօտիկ աղբիւրներ լաւատեսութեամբ արտայայտուած են Միքաթի – Սլէյման վերջին հանդիպումի արդիւնքներուն գծով:
Նոյն աղբիւրները, ըստ «Ախպար» օրաթերթին, Միքաթիին վերագրելով իրենց խօսքերը յայտնած են, որ Սէուտական Արաբիա կը զօրակցի բոլոր կողմերը համախմբող կառավարութեան կազմութեան, որ կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկայ քանի մը օրերուն:
Իսկ Հըզպալլայի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Ամմար Մուսաուի «նկատուած» է Ֆրանսայի դեսպանին հետ ճաշի սեղանի շուրջ, լուրջ խորհրդակցութեամբ մը տարուած, լիբանանեան ճաշարաններէն մէկուն մէջ: Լուրը հաղորդող աղբիւրներուն համաձայն, անոնց խորհրդակցութիւնը ընդգրկած է նաեւ կառավարութեան կազմութեան գծով տարուող ճիգերը:
Նմանապէս, Մուսաուի տեսակցած է Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթի հետ, որ դատապարտած է Հարեթ Հըրէյքի վերջին պայթումը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն համար: Այս առիթով խորհրդակցութիւնները ընդգրկած են համերաշխ կառավարութեան մը կազմութեան ճիգերը եւ նախագահական ընտրութեան առնչուող տուեալները:

