Յանուն Արցախի Զարգացման Ազգային Վիճակախաղ. Շահումները Պիտի Տրամադրուին Յատուկ Ձեռնարկի Մը Ընթացքին

CCF12312013_0001Յանուն Արցախի զարգացման ազգային վիճակախաղի յանձնախումբը տեղեկացուց, որ 28 դեկտեմբեր 2013-ին տեղի ունեցած վիճակահանութեան մասնակցած աւելի քան 261 505 տոմսերն վիճակահանութեան իբրեւ արդիւնք շահած են 342 տոմսեր, զորս կարելի է ստուգել Ազգային վիճակախաղի պաշտօնական կայքին վրայ` nkrlottery.com եւ nkrlottery.am հասցէներով:

Շահումները պիտի տրամադրուին կազմակերպուած ձեռնարկի մը ծիրին մէջ:

Ազգային առաջին վիճակախաղի խաղարկութեան մասնակցած եւ շահած տոմս ունեցողները կրնան դիմել Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ` Լեռնային Ղարաբաղ Հանրապետութեան կառավարութեան, քաղաք Ստեփանակերտ, փետրուարի 20 հասցէով, Հայաստանի մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութիւն, քաղաք Երեւան, Նայիրի Զարեան փողոց, 17ա հասցէով, արտերկրի մէջ` համապատասխան պետութեան Լեռնային Ղարաբաղի մնայուն ներկայացուցչութիւն կամ համագործակցող այլ կառոյցներ:

Շահումը ստանալու նախանշուած օրը անհրաժեշտ է ներկայանալ շահած տոմսով եւ անձը հաստատող փաստաթուղթով:

Share this Article
CATEGORIES