Նալբանդեան Պաշտօնական Այցելութիւն Տուաւ Փանամա

Նալբանդեան եւ Ֆապրեկա

Նալբանդեան եւ Ֆապրեկա

Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի Փանամա այցելութիւնը:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը կը հաղորդէ, որ Նալբանդեանի եւ Փանամայի արտաքին գործոց նախարար Ֆերնանտօ Ֆապրեկայի հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան նախորդ տարուան սեպտեմբերին Նիւ Եորքի մէջ սկսած քննարկումները երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ: Ֆապրեկա նշեց, որ հայաստանցի իր գործընկերոջ այցելութիւնը Փանամա նոր թափ պիտի տայ երկկողմանի համագործակցութեան:

Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան եւ Փանամա համակարծիք են միջազգային բազմաթիւ հարցերու շուրջ, ինչ որ լաւ հիմք է տարբեր մարզերու մէջ գործակցութեան զարգացման համար:

Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին բարձրաստիճան այցելութիւններու կազմակերպումը, իրաւապայմանագրային դաշտի ձեւաւորման, արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ խորհրդակցութիւններու կայացման, միջազգային կառոյցներուն մէջ գործակցութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնը` շեշտելով, որ մայրաքաղաքներուն մէջ համատեղութեան կարգով դեսպաններու հաւատարմագրումը պիտի նպաստէ երկկողմանի յարաբերութիւններու յաւելեալ ընդլայնման:

Ֆերնանտօ Ֆապրեկա Էդուարդ Նալբանդեանին ներկայացուց Փանամայի ջրանցքի ընդարձակման նպատակով իրականացուող աշխատանքները:

Նախարարները միտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ շրջանային խնդիրներուն վերաբերեալ:

Նոյն օրը Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հիւրընկալուեցաւ Փանամայի Ազգային ժողովին մէջ, ուր հանդիպում ունեցաւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ Տալիա Պերնալի հետ: Վերջինս ողջունեց Նալբանդեանի առաջարկը Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ բարեկամութեան խումբ ստեղծելու վերաբերեալ: Էդուարդ Նալբանդեան զրուցակիցին ներկայացուց ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան կողմէ գործադրուող ջանքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES