«Մեզի Լարուած Աշխատանք Կը Սպասէ» Կ՛ըսէ Վարչապետ Սարգսեան

Տիգրան Սարգսեան

Տիգրան Սարգսեան

«Մեզի լարուած աշխատանք կը սպասէ», յայտարարեց վարչապետ Տիգրան Սարգսեան` երէկ բացումը կատարելով կառավարութեան 2014 թուականի առաջին նիստը:

«Առաջին յանձնարարականը, որ կ՛ուզեմ տալ, հետեւեալն է. մենք հաստատած ենք 2014 թուականի գերակայ խնդիրները` ըստ նախարարութիւններու: Կը խնդրեմ ձեր գերակայ խնդիրները եւ տարուան ծրագիրը զանգուածային լրատուական միջոցներով ներկայացնել մեր հանրութեան, որպէսզի հանրութիւնը 2014 թուականին կարելիութիւն ունենայ վերահսկելու կառավարութեան գործունէութիւնը ըստ նախարարութիւններու», ըսաւ վարչապետը:

Օրակարգի առաջին իսկ հարցով կառավարութիւնը հաստատեց 2014 թուականի իր գործունէութեան 100 կէտերէ բաղկացած ծրագիրը եւ 77 կէտերէ բաղկացած գերակայ խնդիրները, 2014 թուականի գործունէութեան միջոցառումներու եւ գերակայ խնդիրներու հիմնաւորումները:

Share this Article
CATEGORIES