Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Ինչ աշխատանք, որ կատարէք, ըրէք համոզումով եւ եռանդուն: Ձեր կարողութենէն աւելի գործեր մի՛ ստանձնէք: Բաւարարուեցէք ձեր ունեցածով: Օրը ունի բարեբեր պահեր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ մտահոգուիք ձեր տուած որոշումին համար, թէ պիտի կարենա՞ք իրագործել թէ ոչ: Շնորհիւ ձեր գիտակցութեան, պիտի յաջողիք եւ գնահատուիք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Պիտի շրջապատուիք լաւ բարեկամներով, որոնք պիտի շնորհաւորեն ձեզ` ձեր կատարած իրագործումներուն համար: Պիտի վարձատրուիք նիւթապէս:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր լսած լուրերը կրնան ճիշդ չըլլալ, հետեւաբար ստուգեցէք, ապա փոխանցեցէք ուրիշներու: Հաւատք մի՛ ընծայէք ամէն խօսքի: Օրը ունի հաճելի անակնկալներ, որոնցմով կրնաք ուրախանալ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կեանքն ալ ունի իր օրէնքները` բնութեան սահմանած օրէնքներուն զուգահեռ: Եթէ հաւատարմօրէն հետեւիք այս օրէնքներուն, ամէնէն երջանիկ անձը կ՛ըլլաք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ուշադրութեամբ ծախսեցէք այս օրերու, որովհետեւ ունիք նուէրներ գնելու պարտաւորութիւններ: Կարեւորը յիշելն է, եւ ոչ նուէրին գինը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Տեղափոխութիւն մը հաւանական է: Ուր որ երթաք, պիտի հանդիպիք ձեր ասպարէզին վերաբերեալ հարցերու իրագործման: Պիտի ստանաք գործի նոր հրաւէրներ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ինչ չափով որ կրնաք օգնել կարօտեալի մը, կատարեցէք: Այս տօնական օրերը յիշեցումներ կ՛ընեն նաեւ ձեզի նուիրատուութիւն կատարելու եւ ուրիշին աջակցելու:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մի՛ յուսալքուիք աննշան ձախողութիւններով: Ունիք մարտահրաւէրները յաղթահարելու քաջութիւն եւ իրաւունք: Եղէք արթնամիտ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գրած նամակներուն կամ կատարած հեռագիրներուն պատասխանները պիտի ստանաք շուտով: Պիտի տեղեկանաք ձեր բարեկամներուն որպիսութեան:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Ճամբորդութեան մը հեռանկարով կը մտմտաք: Ջանացէք իրագործել ձեր փափաքը, առանց մտահոգուելու: Հարցը թողուցէք բախտի տնօրինման:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք, ուշադիր եղէք ձեր կերած-խմածին: Մթնոլորտի փոփոխութեան պարագային անփոյթ մի՛ մնաք: Ուշադիր եղէք նաեւ ընտանեկան կարիքներու կարգադրութեան:

