50 Տարի Առաջ (11 Յունուար 1964)
Տեղեկագիր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսական
Պատուիրակութեան
Պօղոս Զ. Պապի Ընդունելութեան Մասին`
Ի Երուսաղէմ
Յունուարի 4-ի յետմիջօրէին ժամը 5:00-ին, սրբազան պապը ժամանեց Երուսաղէմ, ուր ընդունելութիւնը կազմակերպուած էր «Դամասկոսի դրան» առջեւ` հին քաղաքի մուտքին: Եղիշէ պատրիարք, ընկերակցութեամբ լուսարարապետ Հայրիկ արք. եւ Ժառանգաւորաց տեսուչ Յակոբ վրդ. Վարդանեանի, ինչպէս նաեւ մեր պատուիրակութիւնը` Տաճատ արք. Գարեգին եւ Արտաւազդ Ծ. վարդապետներ ներկայ եղանք սրբազան պապի ընդունելութեան` ի շարս այլ եկեղեցական պետերու, պետական անձնաւորութեանց եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու:
Նոյն օր, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, սրբազան պապին հետ առանձին տեսակցութիւն մը ունեցանք Երուսաղէմի պապական նուիրակի ապարանքին մէջ, որ կը ծառայէր որպէս բնակարան նորին սրբութեան: Յանուն Երուսաղէմի պատրիարքութեան ներկայ էր պատրիարք սրբազան հայրը եւ յանուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան` երեք պատգամաւորներս:
Մտերմական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցաւ տեսակցութիւնը: Պատրիարք սրբազանը նախ բարի գալուստի սրտալից խօսք ուղղեց նորին սրբութեան, որուն ի պատասխան ան կարդաց գրաւոր կարճ ճառ մը, որուն մէջ կ՛ըսէր ի միջի այլոց.
… «Յատկապէս շնորհապարտ ենք այն ազնիւ ընդունելութեան համար, զոր ցոյց տուիք մեր նկատմամբ մեր ուխտաւորութեան առիթով այս քաղաքը, որ սրբացած է փրկութեան այն մեծ խորհուրդներով, զոր մեր Տէրը եւ Փրկիչը Յիսուս Քրիստոս յայտնեց այստեղ:
… «Մեր հանդիպումը մասնաւոր նշանակութիւն մը ունի այն բարեկամական կապերուն պատճառով, որոնք մշակուեցան մեր եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ միջեւ այն դիտողներուն միջոցով, որոնք մասնակցեցան Վատիկանի Բ. ժողովի աշխատանքին: Իսկական քրիստոնէական սիրոյ եւ հասկացողութեան այն ոգին, զորս անոնք յայտնաբերեցին, մեզ առաւել եւս վստահեցուց այն եղբայրական ընդունելութեան մասին, զոր պիտի գտնէինք ձեր եւ ձեր հաւատացեալներու մօտ: Մեր ակնկալութիւնները աւելի քան լիովին իրականացան:
… «Մենք եկած ենք այս Սուրբ Քաղաքը, որպէս աղօթաւոր ուխտաւոր: Աստուծոյ, մեր Հօր, եւ մեր Փրկչին Յիսուսի Քրիստոսի, Աստուածորդւոյն մատուցած մեր աղօթքներուն մէջ կը յիշենք Ձեզ եւ այն հօտը, որուն հովիւն էք: Թող աստուածային շնորհներ առատօրէն իջնեն Ձեր բոլորին վրայ»:
Պատրիարք սրբազանը բերանացի պատասխանելով այս զգացումներուն եւ մտածումներուն յայտնեց Հայաստանեայց եկեղեցւոյ ուրախութիւնը նորին սրբութեան Երուսաղէմ ժամանումին առիթով, յիշեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը իր առաքած պատգամաւորներով կը մասնակցի այդ ուրախութեան, շեշտեց, թէ որքան մեծ պատիւ մըն է Ս. Քաղաքին համար նորին սրբութեան այցելութիւնը եւ ի վերջոյ, ի խորոց սրտի մաղթեց, որ Յովհաննէս ԻԳ. սրբազան պապին օրով սկսած գործերը, որոնք կը շարունակուին մեծ նախանձախնդրութեամբ` արդիւնաւորուին յօգուտ Քրիստոսի եկեղեցիին:
Տեսակցութիւնը տեւեց 15 վայրկեան, սրբազան պապը ոսկեզօծ սկիհ մը նուիրեց Եղիշէ պատրիարքին եւ Երուսաղէմ ուխտաւորութեան առիթով յատկապէս պատրաստուած մետալներ` մեր երեքին: Լաւագոյն եւ ջերմօրէն սիրալիր տպաւորութիւններով եւ զգացումներով հրաժեշտ առինք սրբազան պապէն:
Յունուար 5-ին, ընկերանալով Եղիշէ պատրիարքին, Երուսաղէմի օդակայանը գացինք` ողջունելու ժամանումը յոյն ուղղափառաց տիեզերական պատրիարքին` նորին սրբութիւն Աթենակորասին: Եղիշէ պատրիարք եւ Տաճատ արքեպիսկոպոս, պատուոյ շքախումբին հետ, զոր կը գլխաւորէր Հիւսէյն թագաւորը` իր նախարարական կազմով, յառաջացան մինչեւ օդանաւ դիմաւորելու համար նորին սրբութիւնը: Ապա, ընդունելութեան սրահին մէջ յանուն Ձերդ վեհափառութեան եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բարի գալուստ մաղթեցինք նորին սրբութեան:
6 յունուարին սրբազան պապը այցելեց հայոց պատրիարքարանը, ուր փառաշուք ընդունելութեան արժանացաւ: Իրեն կ՛ընկերանային Երուսաղէմի պապական նուիրակը եւ նորին վսեմութիւն կարտինալներ` Թիսըրան, Չիքոնյանի եւ Թիսթա: Ժառանգաւորներու եւ միաբան հայրերու թափօրով նորին սրբութիւնը բարձրացաւ պատրիարքարանի շքեղազարդ դահլիճը, ուր Եղիշէ պատրիարք կարդաց բարի գալստեան կարճ ուղերձ մը` հայերէն լեզուով, զոր ամբողջական բնագրով կը ներկայացնենք Ձերդ վեհափառութեան.-
«Առաքելական այս հաստատութիւնը, զոր այսօր ձեր անձին շուքով կը լեցնէք, առիթներ ունեցած է ողջունելու երջանկաբեր այցելութիւնը իշխաններու եւ արքաներու, ինչպէս կը վկայեն այս դահլիճին պատկերները:
«Սակայն, առաջին անգամն է, որ բախտաւորութիւնը կ՛ունենանք վայելելու շնորհաբեր ներկայութիւնը իշխաններու իշխանին, Արեւմտեան քրիստոնեայ մեծ աշխարհին – յանձին ձեր սրբութեան: Ձեր այս այցելութիւնը կը նկատենք ոչ միայն մեծ պատիւ մը պատրիարքարանիս, այլ նաեւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին, որ առաջին անգամ չէ, որ առարկայ կ՛ըլլայ Կաթողիկէ մեծ եկեղեցւոյ գերագոյն պետին բարձր ուշադրութեան:
«Ձեր աննախընթաց եւ պատմական ուխտաւորութիւնը ի Սուրբ Երկիր, ձեր անձի շնորհի մէջէն նոր փայլ մը եւ նոր գոյն մը կ՛աւելցնէ քրիստոնէական այս փառքին, որ մեր Տիրոջ արիւնովն է սրբագործուած եւ ատով դարձած ներշնչարան քրիստոնէական սերունդներու, եղբայրութեան նուիրումի, միութեան եւ սիրոյ ոգիով եւ խորհուրդով:
«Այս առիթով, ի սրտէ կ՛աղօթենք, որ մեր Երկնաւոր Հայրը, որ իր Միածին Որդին տուաւ մարդկութեան` այս Սուրբ Քաղաքին մէջէն, օրհնէ եւ պտղաբերէ ձերդ սրբութեան բոլոր ջանքերն ու գործերը` յօգուտ Քրիստոսի եկեղեցիին, անոր միութեան ամրացումին եւ հոգեւոր վերակենսաւորումին:
«Ձեզի հետ մենք ալ կը հաւատանք, որ եկեղեցին ինչպէս միշտ այսօր ալ կոչուած է մարդկութեան բերելու Քրիստոսի կենսատու պատգամը կենդանի վկայութեամբ եւ միասնական, ներդաշնակ ծառայութեամբ ի փառս Աստուծոյ եւ ի խաղաղութիւն աշխարհիս»:
Ուղերձին անգլերէն թարգմանութիւնը կարդաց Գարեգին Ծ. վրդ. Սարգիսեան:
Սրբազան պապը իտալերէն լեզուով իր ամենաջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց փառաւոր այս ընդունելութեան համար: Յատուկ ուրախութիւն յայտնեց, որ Կիլիկիոյ վեհափառ կաթողիկոսը ներկայացուցիչներ ղրկած էր զինք դիմաւորելու համար Երուսաղէմի մէջ: Համոզումի անկեղծ ոգիով եւ ուժեղ շեշտով խօսեցաւ հայ ժողովուրդին բացառիկ այն քաջութեան եւ հերոսութեան մասին, զոր ան պատմութեան մէջ յայտնաբերած է իր հաւատքի աննկուն կամքով եւ հաւատարմութեամբ:
Ընդունելութեան աւարտին, պատրիարք սրբազանը թանկագին քարերով զարդարուած մեծարժէք լանջախաչ մը նուիրեց սրբազան պապին, որ իր կարգին երեք մետալներով պատուեց նորին ամենապատուութիւնը:
Մօտաւորապէս կէս ժամ տեւող այս այցելութիւնը աննախընթաց պատմական դէպք մը ըլլալով հանդերձ` եղաւ նաեւ գեղեցիկ պահ մը Հայաստանեայց եւ Հռոմէական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ յարաբերութեան մէջ:
ԱՐՏԱՒԱԶԴ Ծ. ՎՐԴ. ԳԱՐԵԳԻՆ ՎՐԴ. ՏԱՃԱՏ ԱՐՔ.
7 յունուար 1964
Անթիլիաս
(Յապաւուած)

