Ընտանեկան Մտերմիկ Մթնոլորտի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

endanik-1Բոլոր երկիրներուն մէջ ընտանիքը ընկերութեան հիմն է: Սակայն հակառակ ասոր, տիպար ընտանիքի օրինակ մը չկայ: Իւրաքանչիւր ընտանիք ունի իր ոճը, իր սովորութիւնները, իր աւանդութիւնները: Կատարենք պզտիկ պտոյտ մը աշխարհին շուրջ` երեք տարբեր ընտանիքներու «այցելելով»:

Չինաստան` բոլորը նոյն տանիքին տակ

Չինական աւանդական ընտանիքներուն մօտ, սովորաբար ծնողքը, մեծ հայրերը եւ զաւակները կ՛ապրին նոյն տան մէջ: Ընտանիքին մէջ կապերը շատ ամուր են: Զաւակներուն պարտականութիւնն է զբաղիլ իրենց ծնողքով երբ անոնք հանգստեան կոչուին, որովհետեւ անոնց եկամուտը շատ կը նուազի: Հետեւաբար, ծնողները շատ մեծ յոյս կը դնեն իրենց զաւակներուն դպրոցին մէջ արձանագրուած յաջողութեան վրայ: Անոնք կ՛ուզեն, որ իրենց զաւակը սքանչելի նիշեր ստանայ քննութիւններուն, հետագային վարկ ունեցող համալսարան մը կարենալ յաճախելու համար: Չինացիներուն կեանքին մէջ գոյութիւն ունին երեք մեծ երջանկութիւններ` լաւ ուսում մը ստանալ, ամուսնանալ եւ շահաբեր գործ մը ունենալ… այդ մեծ ընտանիքը ապրեցնելու համար:

endanik-2Սենեկալ` ընտանիքը համայնքն է

Սենեկալի կեդրոնը ապրող Ուոլոֆ ցեղախումբին համար զաւակ մը իր ծնողքին չի պատկանիր, այլ` անոր շրջապատող համայնքին: Այդ անձերը ծնողք կը համարուին, որովհետեւ անոնք նոյն բնակավայրին մէջ կ՛ապրին: Ընդհանրապէս, այս «ծնողները» կը պատկանին նոյն ընտանիքին կամ նոյն սերունդին: Երեխայ մը «պապա» պիտի կոչէ բոլոր այն այր մարդիկը, որոնք իր հօր տարիքը ունին եւ «մամա»` բոլոր այն կիները, որոնք իր մօր տարիքը ունին: Այս ձեւով մանուկ մը կրնայ ունենալ 10 մայրեր կամ 5 հայրեր, որոնք իրենց կարծիքը տալու իրաւունք ունին` անոր կեցուածքին կամ ապագային գծով:

endanik-3Պրազիլ` զաւակը ուրիշին յանձնել աւելի լաւ ապագայի մը համար

Պրազիլի կարգ մը թաղամասերու մէջ շատ յաճախական է, որ ընտանիքներ չկարենան իր զաւակներով լաւապէս զբաղիլ դրամական պատճառներով: Գոյութիւն ունի սովորութիւն մը, որ անոնց կարելիութիւնը կու տայ զաւակներէն մէկը յանձնելու ուրիշ ընտանիքի մը, որ զաւակ չունի, եթէ այս երկրորդ ընտանիքը կեանքի աւելի լաւ պայմաններ ապահովելու կարելիութիւն ունի: Մանուկը կապը չի կորսնցներ իր իսկական ծնողքին հետ, սակայն ան պիտի մեծնայ միւս ընտանիքին մէջ: Ասիկա իբրեւ պարգեւ կը համարուի եւ ոչ լքում:

 

Փայփայուելիք Անասուններու
Կենդանաբանական Պարտէզ Մը

tibor-markoԹիպոր Մարքօ 70 տարեկան հանգստեան կանչուած շինարար մըն է: Ան կ՛ապրի Սլովաքիոյ մայրաքաղաք Պրաթիսլավայի մէջ:

Տարի մը առաջ կատարուած մեծ մաքրութեան մը ընթացքին ան չէ ուզած ձերբազատիլ իր զաւակներուն հին արջուկներէն: Նոյն ատեն անոր բարեկամներէն մէկը անոր կու տայ փըլուշէ ուրիշ անասուններ: Այս ձեւով է, որ Թիպոր կը յղանայ փըլուշէ անասուններու կենդանաբանական պարտէզ մը բանալու գաղափարը: Անոր գլխաւոր մղումը եղած է այն ուրախութիւնը, զոր այդ հին խաղալիքները կրնան հայթայթել ուրիշ մանուկներու:

Ան հաւաքած է իրենց տէրերուն կողմէ լքուած 70 խաղալիքէ անասուններ եւ կենդանաբանական պարտէզ մը բացած է իր տան մօտ գտնուող փոքր հանրային պարտէզի մը մէջ:

Այդ կենդանաբանական պարտէզին մէջ մենք կրնանք հանդիպիլ փըլուշէ հսկայական առիւծի մը, փիղի մը, օձի մը, հոյամողէսի մը, բազմաթիւ կապիկներու եւ արջուկներու:

Առանց վանդակներու, առանց ցանկապատի, առանց մուտքի տոմսակի, ո՛չ ալ բացումի եւ փակումի ժամերու… Այս իւրայատուկ կենդանաբանական պարտէզը մեծ յաջողութիւն կը գտնէ փոքրիկներուն, ինչպէս նաեւ անոնց ծնողներուն մօտ:

 

150

150Հի Թարընթ անգլիացի ուսուցիչ մըն է: Ան նաեւ արուեստագէտ է: Ան կազմակերպած է «Գրաւումի գրասենեակներ» կոչուած ցուցադրութիւն մը: Ան հոն ցուցադրած է իր հաւաքածոն:

Հի Թարընթ հաւաքած է 150 տարբեր առարկաներ, զորս ան գրաւած է 150 դպրոցներու աշակերտներէն: Մենք հոն կը գտնենք մատիտներ, ջուրի ատրճանակներ, ֆութպոլի գնդակներ կամ խաղի մեքենաներ… Սակայն նաեւ աւելի վտանգաւոր առարկաներ, ինչպէս` կացին մը, այրած թենիսի գնդակ մը կամ նինճայի աստղ մը…

 

Առանց Վարորդի Ինքնաշարժնե՞ր

inknacharj2017 թուականին Շուէտի մայրաքաղաք` Սթոքհոլմի մէջ պիտի սկսին շրջիլ «Վոլվօ» վաճառանիշի, առանց վարորդի առաջին ինքնաշարժները: Սակայն այդ ինքնաշարժները գործածողները նախ պիտի հետեւին կարճ դասընթացքներու` այդ ինքնաշարժները ճիշդ ձեւով գործածել սորվելու համար:

 

Մեծ Շահ

Միացեալ Նահանգներու օդակայաններուն մէջ ապահովութեան ստուգումներէն անցնելէ առաջ, ճամբորդները պէտք է պարպեն իրենց գրպաններուն մէջ եղած ամէն բան: Յաճախ հոնկէ կ՛ելլեն դահեկաններ … զորս ճամբորդները կը մոռնան ետ առնելու:

Այս ձեւով, 2012 թուականին հաւաքուած է աւելի քան 500,000 տոլար: Այս դրամը պիտի բաժնուի զինուորականներու ընտանիքներուն օգնող կազմակերպութիւններու:

 

Իւրայատուկ Ներքնուղի Մը

nerknoughiՖրանսայի Լիոն քաղաքին մէջ բացուեցաւ 2 քմ երկարութեամբ ներքնուղի մը, որ իրարու կը միացնէ Ռոն գետի եւ Սոն գետի եզերքները:

Ան յատկացուած է միայն քալողներուն, հեծելանւորդներուն եւ հանրային փոխադրակառքերուն:

Ներքնուղիին մէջ կը ցուցադրուին տեսերիզներ եւ կը սփռուին ձայներ: Այս ձեւով այդ ներքնուղիէն անցնողները կ՛ունենան այն տպաւորութիւնը, թէ իրենք կ՛անցնին անտառներու մէջէն, ծաղիկներով դաշտերէ եւ բնութեան այլ հատուածներէ… Կան նաեւ շարժապատկերը ստեղծող Լումիէր եղբայրներու սեւ ճերմակ նկարներէն: Այս «խողովակը», ինչպէս զայն կ՛անուանեն իր տեսակին մէջ առաջինն է ամբողջ աշխարհին մէջ:

 

Բանտարկեալ Մը Ատամնաբուժին Քով

Շուէտացի բանտարկեալ մը, որ ակռայի սաստիկ ցաւէ կը տառապէր, բանտէն փախած է ատամնաբուժին երթալու եւ ակռան դարմանելու համար:

Ապա ան վերադարձած է ոստիկանութիւն, որ զինք դարձեալ բանտ դրած է: Ան իր ազատ արձակումին տակաւին մէկ օր ունէր: Ան պարզապէս մէկ օր աւելի մնացած է բանտ:

 

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տասը տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու պատկերները:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ թիւերուն համապատասխանող տեղերը:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող տասը անբնական մանրամասնութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ գտնուող տասը անբնական մանրամասնութիւնները:

Share this Article
CATEGORIES