Տաշեան Ժամանակաւորապէս Բաժնուեցաւ Գանձասարէն
Գանձասար Կապանի ռմբաձիգ Արտակ Տաշեան ժամանակաւորապէս բաժնուեցաւ իր ակումբէն` նկատի ունենալով, որ ան փոխ տրուեցաւ Պահրէյնի բարձրագոյն դասակարգին մէջ հանդէս եկող Մուհարրաքի, կը յայտնէ Գանձասարի գործադիր տնօրէն Վլատիկ Առաքելեան, ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան առանց փոխհատուցման մեկնեցաւ Պահրէյն այն պայմանով սակայն, որ ան մայիսին միանայ Գանձասարի:
Առաքելեան ըսաւ. «Եթէ դարձեալ յաջողինք յառաջիկայ տարեշրջանին Եւրոպայի մեր տոմսը ապահովել, ուրեմն մեր կազմին մէջ անպայման պէտք է ունենանք Տաշեանը` ամրան ընթացքին»:
Նշենք, որ այսօր` ուրբաթ, 10 յունուարին, Գանձասար կը վերադառնայ իր ձմեռնային արձակուրդէն եւ կը վերսկսի իր մարզումներուն:
CATEGORIES Մարզական

