Տեֆոյէ Թոթենհամը Լքելով, Պիտի Միանայ Թորոնթոյի
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան համաձայն, Թոթենհամի յառաջապահ Ժերմեն Տեֆոյէ իր կազմը լքելով պիտի միանայ «Մէյճըր լիկ Սաքըր»-ի կազմերէն Թորոնթօ Ֆ. Ք.-ի:
Ըստ անգլիական եւ քանատական մամուլին, 31 տարեկան Տեֆոյէ պայմանագրութիւն մը ստորագրելէ ետք պիտի վերադառնայ Թոթենհամ, որուն հետ պիտի մնայ մինչեւ 1 մարտ` նկատի ունենալով, որ «Մէյճըր լիկ Սաքըր»-ի տարեշրջանը պիտի սկսի 15 մարտին:
Նշենք, որ Տեֆոյէի նախկին խմբակիցը` Ռայըն Նելսըն, այժմ Թորոնթոյի մարզիչն է:
Անգլիացի Տեֆոյէ իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին հետ միջազգային 55 մրցումի ընթացքին նշանակած է 19 կոլ:
CATEGORIES Մարզական

