Լեւանտովսքի Կրնայ Թիկնապահներ Վարձել` Տորթմունտի Մէջ Ելոյթ Ունենալու Ընթացքին

levandovskiՊորուսիա Տորթմունտի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, որ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պայէրն Միւնիխի հետ եւ ամրան հոն պիտի փոխանցուի, կը զգուշանայ իր եւ իր ընտանիքին անվտանգութեան առնչութեամբ:

Ինչպէս կը յայտնէ գերմանական մամուլը, լեհ յառաջապահը կրնայ ստիպուած ըլլալ թիկնապահներ վարձելու, որովհետեւ սպառնալից նամակներ ստացած է Պորուսիա Տորթմունտի համակիրներէն:

Լեւանտովսքի, որ անցնող քանի մը օրերուն հինգ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պայէրն Միւնիխի հետ, այս տարեշրջանին Տորթմունտի հետ 17 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ:

 

Share this Article
CATEGORIES