Ըստ IFFHS-Ի. Պայէրն Միւնիխ` Տարուան Լաւագոյն Ակումբը

fcbayernՎիճակագրութեան եւ պատմութեան միջազգային ֆութպոլի ֆետերասիոնին (IFFHS) վարկածով, 2013 տարուան լաւագոյն ակումբը ճանչցուած է Պայէրն Միւնիխ, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` մէջբերելով կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին հրապարակած լուրը:

Նախորդ տարեշրջանի արդիւնքներով, Եուփ Հայնքեսի մարզիկները տիրացան «Չեմփիընզ լիկ»-ի, «Պունտըսլիկա»-ի եւ Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքերուն տիտղոսներուն:

Իսկ նոր մարզիչ Փեփ Կուարտիոլայի գլխաւորութեամբ արդէն իսկ խումբը տիրացած է Եւրոպայի գերբաժակի եւ աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան տիտղոսներուն:

Վարկանշային աղիւսակին մէջ երկրորդն է Ռէալ Մատրիտը, իսկ լաւագոյն եռեակը կ՛եզրափակէ Չելսին:

Անոնց կը յաջորդեն սպանական երկու կազմեր` Աթլեթիքօ Մատրիտ (4-րդ) Պարսելոնա (5-րդ): Պորուսիա Տորթմունտ 12-րդ է:

Share this Article
CATEGORIES