«8+8+8 Տարազին Հիման Վրայ Կառավարութիւն Կազմելու Դրական Նշոյլներ Ստացած Ենք Սաատ Հարիրիէն» Նշեց Նախագահ Սլէյման

Սփենս եւ նախագահ Սլէյման
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ լիբանանեան «Էլ. Պի. Սի. Այ.» կայանին յայտնեց, որ 8+8+8 տարազին հիման վրայ լիբանանեան համախոհական կառավարութիւն մը կազմելու շրջագիծին մէջ ինք դրական նշոյլներ ստացած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիէն:
Ան նշեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ յղուած հարցումներուն պատասխանները կը գտնուին նշանակեալ վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտ:
Նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ ինք կը փափաքի համախոհական կառավարութիւն մը կազմել, «սակայն եթէ յաջորդ տասը օրերուն ընթացքին կարելի չըլլայ համախոհական կառավարութիւն մը կազմել, ապա Լիբանան նոր կառավարութիւն մը պիտի ունենայ», ըսաւ ան:
Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ նոր դահլիճ մը կազմելու ջանքերուն շրջագիծին մէջ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա այսօր Պաապտա պիտի այցելէ:
Անդրադառնալով լիբանանեան բանակը զինելու նպատակով սէուտական Արաբիոյ տրամադրած նիւթական օժանդակութեան` նախագահ Սլէյման շեշտեց, որ Ռիատի կողմէ գումարները ուղղակի պիտի վճարուին Ֆրանսայի, որ իր կարգին լիբանանեան բանակին հետ պիտի համադրէ վերջինիս կարիքները եւ ըստ այնմ հոգայ զանոնք:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ կատարուելիք սէուտական օժանդակութիւնը ոչ մէկ նախապայման առաջադրած է:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Մաթիու Սփենսը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ ամերիկեան պաշտպանութեան նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը բարելաւելու հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին ամերիկացի պաշտօնատարը շեշտեց, որ Ուաշինկթըն յանձնառու կը մնայ լիբանանեան բանակին օժանդակութեան, որպէսզի բանակը կարենայ պահպանել երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը:
Սփենս դիտել տուաւ նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ հետաքրքրուած են Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծում մը ապահովելու հարցով` «Ժընեւ 2» խորհրդաժողովին շրջագիծին մէջ:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին նախարար Պշարա Մըրհեժը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Նախագահ Սլէյմանի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, յատկապէս բանակին կարողութիւնները ամրապնդելու ջանքերը շարունակելու կարեւորութիւնը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ նաեւ «Քարաքալլա» պարախումբը:
ԵՐԷԿ երեկոյեան «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուր հանդիպում ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդական Նատեր Հարիրիի հետ: Վերջինս Ապու Ֆաուրին տեղեկացուցած է Սաատ Հարիրիի համաձայնութիւնը 8+8+8 տարազով կառավարութեան մը կազմութեան: Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտարարեց, թէ կը մերժէ մաս կազմել այդպիսի տարազով կառավարութեան:

